ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ ՊԱՔՈՒԷՆ ՀՆՉԱԾ ՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՏԵՍՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՊԱՐՏԱԴՐԱՆՔ

Երէկ, Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ստեփանակերտի ղեկավարութիւնը այս առթիւ անդրադարձաւ Պաքուէն իրերայաջորդ հնչած հրաւէրներուն, որպէսզի Արցախի ներկայացուցիչները Ատրպէյճան մեկնելով բանակցութիւններ վարեն։ Մինչ աւելի քան 100 օրէ ի վեր Ատրպէյճանի կողմէ փակուած է Լաչինի միջանցքը եւ Արցախը պաշարուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարարութեան երէկուան յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ թեքնիք ու մարդասիրական հարցերու լուծման շուրջ երկխօսութեան քաղաքականացումը անթոյլատրելի է։ Այսպէս, հակամարտութեան կարգաւորման քաղաքական հարցերը պէտք է քննարկուին համաձայնեցուած եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած բանակցային ձեւաչափին մէջ՝ կողմերու իրաւահաւասարութեան հիման վրայ եւ անոնց ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման միջազգային ամուր երաշխիքներու գոյութեան պայմաններուն ներքեւ։

Յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն օրերս հերթական անգամ Պաքու հրաւիրուելուն կապակցութեամբ՝ որպէս «Ղարաբաղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ»։ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը այդ հրաւէրին զուգահեռ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ենթակառուցուածքային նախագիծերու իրականացման հարցերու շօշափուիլն ալ կը նախատեսէ։ Ըստ Ստեփանակերտի, հանդիպման վայրի եւ օրակարգին հետ կապուած Ատրպէյճանի հնչեցուցած պայմանները, ինչպէս նաեւ համատեսքը, որուն մէջ կը ներկայացուի տուեալ առաջարկը, կը վկայեն, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու նպատակը ո՛չ թէ առկայ խնդիրներու շուրջ իրական քննարկումն է, այլ հաւանական երկխօսութեան խաթարումը կամ հարկադրանքի, շրջափակման, կեանքի անթոյլատրելի պայմաններու ստեղծման եւ ռազմական ուժի կիրառման միջոցաւ սեփական քաղաքական օրակարգի պարտադրումը։

Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այսօր Լաչինի շրջանին համար յատուկ ներկայացուցիչ մը նշանակեց։ Այդ պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ Մասիմ Մամետով։ «Տարիներ շարունակ Հայաստան Լաչինի վերադարձը անթոյլատրելի կը համարէր։ Բանակցութիւններու երկար տարիներու ընթացքին միջնորդները մշտապէս յատուկ մօտեցում կը ցուցաբերէին Լաչինի շրջանին նկատմամբ, իսկ Հայաստան ընդհանուր առմամբ այդ շրջանի վերադարձը Ատրպէյճանին անթոյլատրելի կը համարէր։ Հայերը, սակայն, միւս շրջաններէն հեռանալու եւս չէին պատրաստուեր։ Այսօր, պատերազմէն երկուքուկէս տարի անց, սա բոլորին համար շատ աւելի ակնյայտ դարձած է։ Միջազգային միջնորդներն ալ՝ ԵԱՀԿ-ի նախկին Մինսքեան խմբակը, բանակցութիւններ վարելով փաստօրէն կը փորձէին ամրագրել բռնագրաւման փաստը», պնդեց Ալիեւ Մասիմ Մամետովը ընդունելու ժամանակ։  

Չորեքշաբթի, Մարտ 29, 2023