«SALT GALATA»Ի ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱՐԿ

SALT Galata-ի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան ձեռ­նար­կի մը բաց­ման հա­ւա­քոյ­թը։ «Ա­նոնք» խո­րագ­րեալ այս ձեռ­նար­կը լու­սար­ձա­կի տակ կ՚առ­նէ Թուր­քիոյ մէջ «միւս»նե­րու դա­սուած խմբա­ւո­րում­ներն ու ա­նոնց վա­նու­մին վե­րա­բե­րեալ ե­րե­ւոյթ­նե­րը։ Ի­փէք Տու­պէ­նի հե­ղի­նա­կու­թեամբ պատ­րաս­տուած կարճ տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րու ցու­ցադ­րու­թեան շարք մըն է այս մէ­կը, որ կը ցո­լաց­նէ զա­նա­զան ազ­գե­րը, լե­զու­նե­րը, դա­ւա­նանք­ներն ու սե­ռա­յին նա­խընտ­րու­թիւն­նե­րը։ Քսան­չորս հո­գիի վկա­յու­թիւն­նե­րուն հի­ման վրայ կեան­քի կո­չուած է նա­խա­գի­ծը, ո­րու շրջագ­ծով անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րուի նաեւ հա­յե­րուն։ Հո­լո­վակ­նե­րու ար­տադ­րու­թիւ­նը եւ հա­մա­ժա­մա­նա­կե­ցու­մը ի­րա­կա­նա­ցուած է Քե­նան Սու­նա­րի կող­մէ։ Իր օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բե­րած է նաեւ Նեճ­մի Կիւր­պիւզ։

Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րուն այս ձեռ­նար­կին բա­ցու­մը ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ Ի­փէք Տու­պէ­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կերպուած ա­սու­լի­սով մը, զոր վա­րեց SALT Galata-ի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու եւ ծրագ­րե­րու տնօ­րէն Վա­սըֆ Քոր­թուն։ Այս առթիւ հեղինակը մանրամասնօրէն ներկայացուց իր ծրագիրը։ Ցու­ցադ­րու­թիւ­նը պի­տի շա­րու­նա­կուի եր­կու ա­միս՝ մին­չեւ Յու­նի­սի 28-ը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015