ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ԱՌՑԱՆՑ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԱԾ՝ ՄԻՆՉԵՒ 31 ՄԱՅԻՍ

Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուք այս առաւօտ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ հեռակայ ուսուցումը երկարաձգուած է մինչեւ մայիսի 31-ը։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ վարժարաններու փակ մնալու ժամկէտը երկարաձգուած է եւ այս պայմաններուն ներքեւ առցանց ուսուցումը պիտի շարունակուի մինչեւ 31 մայիս։

Նախարար Զիյա Սելչուք այս առաւօտ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին բացատրութիւններ տուաւ՝ Գիտական խորհուրդի յանձնարարութիւններու լոյսին տակ ընդունուած որոշումներուն շուրջ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիոյ մէջ աշակերտներու եւ ուսանողներու թիւը կը գերազանցէ Եւրոպայի բազմաթիւ երկիրներու ընդհանուր բնակչութիւնը։ Ուստի, նախարարը խնդրեց, որ աշակերտներն ու ծնողները փարին առցանց ուսուցման։ Հեռակայ ուսուցման հիմնական նպատակն է ապահովել, որ տղաքը չկտրուին կրթութենէ։

Զիյա Սելչուք ընդգծեց նաեւ, որ յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ պիտի հրապարակուին կարգ մը ընդհանուր քննութիւններու թուականները։ Իսկ դասարան փոխելու պարագային նկատի պիտի առնուին առաջին եռամսեայի նիշերը։ Աշակերտները դասարան պիտի փոխեն՝ անկախ իրենց նիշերու միջինէն, որպէսզի նեղութեան չմատնուին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020