ՔՈՉԱՐԵԱՆ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԵՆԷ Կ՚ԱՆՑՆԻ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, որ ներկայիս բանտարկուած է 1 մարտ 2008 թուականին տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերուն հետեւանքով, երէկ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնէն ներս անցաւ յետվիրահատական քննութենէ։ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակը տեղեկացուց, որ երէկուան հետազօտութեան տուեալներու լոյսին տակ պիտի որոշուի, թէ ապագային ինչպիսի բնոյթ մը պիտի ունենայ անոր բուժումը։

25 յունիս 2019 թուականէն ի վեր Ռոպերթ Քոչարեան կալանքի տակ կը գտնուի։ Իր փաստաբանները դիմում ներկայացուցած էին խափանման միջոցի փոփոխութեան համար՝ պայմանաւորուած առողջապահական հանգամանքներով։ Հայաստանի դատական իշխանութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր այս պահանջը չեն քննարկած։ Նոյնիսկ երկար ժամանակ չէր յստակացած այդ պահանջի քննարկուելիք դատական նիստի թուականը։ Վերջերս ի վերջոյ յայտարարուեցաւ, որ 8 մայիսին տեղի պիտի ունենայ հերթական դատավարութիւնը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի գայ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի փոփոխութեան հարցը։ Հարկ է յիշեցնել, որ Քոչարեանի առողջական վիճակին վերաբերեալ իրադարձութիւնները ներկայիս Հայաստանի մէջ դարձած են հրատապ օրակարգ։ Վերջերս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ հրապարակաւ բարեխօսութիւնով մը հանդէս եկած էր՝ յորդորելով Քոչարեանի խափանման միջոցի փոփոխութեան ենթարկուիլը։ Այդ յայտարարութեան պատճառաւ Վեհափառ Հայրապետը թիրախաւորուած էր Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ՝ մինչ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ երկրի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ ծագած է բանավէճ մը։ Հարկ է նշել նաեւ, որ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնը, ուր երէկ քննութենէ անցած է Քոչարեան, կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Այդ հիւանդանոցին մէջ Քոչարեան վիրահատուած էր անցեալ տարուան հոկտեմբերին։ Ներկայ տարուայ մարտին ալ ան փոխադրուած էր Երեւանի «Նայիրի» եւ «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնները։ Քոչարեան չ՚ընդունիր դատավարութեան ծիրին մէջ իրեն հասցէագրուած մեղադրանքը ու կը պնդէ, որ քաղաքական հետապնդման կ՚ենթարկուի։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2020