ԿԱՆԱՆՑ ՀԱՄԱՐ ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Լիբանանի մէջ, «Ճինիշեան» յիշատակի ձեռնարկը առողջապահական եւ ընկերային գործունէութիւններու կողքին ունեցած է բարգաւաճման ծը-րագիրներ: Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս դեղերու բաժանմունքին կազմակերպութեամբ գործադրութեան դրուեցաւ կիներու առողջապահական-դաստիարակչական-ուսուցողական ծրագիր մը, որուն նպատակն է  ուսուցանել կանխարգելիչ միջոցներ, հը-նարքներ եւ գործադրել խորհուրդներ՝ հայկական մտերմիկ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ:

Տարուան հինգերորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ վերջերս: Օրուան դասախօս Տքթ. Էտի Ռագուպեան ներկայացուց շինիչ եւ հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը՝ «Ըմպելի  ջուրը եւ բաղադրիչ չափանիշները» նիւթով:

Ապա՝ «Ճինիշեան»ի դեղարանի պատասխանատու Նանոր Թաշճեան ներկայացուց «Ձիթային ողողման բարիքները» նիւթով տեսերիզ մը:

Օրուան նիւթերուն շուրջ քննարկումներ եւ վերլուծումներ տեղի ունեցան:

Այս հանդիպումը նուիրուեցաւ մայրերու մեծարումին՝ ըստ հայկական աւանդութեան: Ներկաները ուրախութեամբ հատեցին կարկանդակը, որմէ ետք իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ նուէր մը՝ «ապակեայ ՆՈՒՌ», իբրեւ օրհնաբերութեան հայկական խորհրդանիշ:

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018