ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԾԻՐԷՆ ՆԵՐՍ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՀՐԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական մեծահանդէս ու փառաշուք տօնակատարութիւնները երէկ բնորոշեցին համայն հայութեան օրակարգը։ Սարտարապատի յուշահամալիրէն ներս տեղի ունեցած զօրահանդէսին զուգահեռ՝ օրուան տեւողութեան ամբողջ երկրին մէջ տեղի ունեցան բազում ձեռնարկներ։ Մշակութային, մարզական, հասարակական եւ եկեղեցական գետիններու վրայ արժեւորուեցաւ Առաջին հանրապետութեան 100-ամեայ յոբելեանը։ Պետական աւագանին ալ հրապարակեց զանազան պատգամներ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յոբելեանի առթիւ յայտնեց, որ անկախ պետութիւնը իւրաքանչիւր ազգային երազանք ի կատար ածելու համար անհրաժեշտ նախապայման է։ 

Իսկ երեկոյեան, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ տօնական մեծ համերգ մը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւս մասնակցութիւն բերին այս հանդիսաւոր համերգին։ Հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ ձեռնարկին, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Հանրապետութեան հրապարակին  վրայ համերգի աւարտին տեղի ունեցաւ նաեւ հրավառութիւն մը։

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018