ՄԱՀ՝ ՓՐՈՖ. ՍԵՄԱՒԻ ԷՅԻՃԷԻ

Մշակոյթի եւ գեղար-ւեստի պատմութեան հեղինակաւոր մասնագէտ Փրոֆ. Սեմաւի Էյիճէ երէկ մահացաւ 96 տարեկան հասակին։ Ան Իսթանպուլի, օսմանեան ու բիւզանդական պատմութեան մասնագէտ մըն էր։ Հեղինակած էր աւելի քան 400 գիտական յօդուածներ ու գիրքեր։ Արժանացած էր Հանրապետութեան նախագահութեան մշակոյթի ու գեղարուեստի մեծ մրցանակին։ Էյիճէ նուաճած էր նաեւ Թուրքիոյ Գիտութիւններու ակադեմիոյ գիտական մրցանակը։

Սեմաւի Էյիճէ 1990-ական թուականներուն Տողան Քուպանի հետ եղած էր նաեւ համահեղինակը Իսթանպուլի հանրագիտարանին, որու բովանդակութեան մէջ բազմաթիւ յօդուածներ ցոլացուցած էին քաղաքի պատմութեան մէջ հայոց կողմէ թողուած հետքերը։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ ցաւակցական մը հրապարակեց Սեմաւի Էյիճէի մահուան բերումով։

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018