ՆՈՐ ԽՈՂՈՎԱԿԱՇԱՐ

Ատրպէյճանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ «Հարաւային կազի միջանցք»ի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Այս խողովակաշարին նկատմամբ կը ցուցաբերուի մեծ կարեւորութիւն։ Արդարեւ, այդ մէկու օգտագործման յանձնուելու պարագային կ՚ակնկալուի՝ Կասպից ծովու պաշարներէն արդիւնահանուած բնական կազին՝ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքով առաքումը դէպի եւրոպական շուկաներ։ Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընդառաջ, երէկ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ այս ձեռքբերումը իր երկրին տեսակէտէ պատմական մեծ յաղթանակ մը կը համարուի։

«Ատրպէյճանի կազի պաշարները կը բաւեն առնուազն հարիւր տարի՝ ինչպէս Ատրպէյճանին, այնպէս ալ այն երկիրներուն համար, որոնք այս ոլորտէն ներս կը համագործակցին Պաքուի հետ։ Սակայն հակառակ այս հանգամանքին, մենք պէտք է յառաջ նայինք, մենք պէտք է ապահովենք մեր երկրին համար կայուն, երկարաժամկէտ զարգացում։ Այս հարցին մէջ մենք ունինք յստակ միտքեր եւ գաղափարներ։ Ուժանիւթի անվտանգութեան հարցին մէջ Ատրպէյճան դարձած է կարեւոր երկիր մը ոչ միայն տարածքաշրջանէ ներս, այլ ամբողջ աշխարհի վրայ», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։

«Հարաւային կազի միջանցք»ը ունի շուրջ 2 հազար 500 քիլօմեթր երկարութիւն։ Ծրարգին համար ներդրուած է աւելի քան 40 միլիառ ամերիկեան տոլար։ Այս նոր խողովակաշարը կառուցուած է արդէն իսկ գործող Պաքու-Թիֆլիզ-Էրզրում կազատարին զուգահեռ։ Ատրպէյճանի տարածքէն դուրս գալով խողովակաշարը կը հասնի Վրաստանի Կարտապանիի շրջանը, ուրկէ կը միանայ կայանատեղիին։ Արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող խողովակաշարով, «Շահ-տենիզ» պաշարներէն արդիւնահանուած բնական կազը կը տեղափոխուի Թուրքիա, ուրկէ ալ մատակարարումներ կը կատարուին դէպի Եւրոպա։ Այս նախագիծը Եւրոմիութեան կողմէ կը համարուի Ռուսաստանի բնական կազի այլընտրանքը։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, արեւմտեան շարք մը իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններ այս կապակցութեամբ ունին հետեւեալ մօտեցումը.

«Տնտեսական յարաբերութիւնները ընդարձակելէ առաջ Եւրոմիութեան ղեկավարութիւնը պէտք է Պաքուէն պաշտօնապէս պահանջէ անյապաղ ու առանց նախապայմաններու ազատ արձակել ընդդիմադիր գործիչները, բարեփոխել օրէնսդրութիւնը՝ հնարաւորութիւն տալով, որ քաղաքացիական հասարակութիւնը անարգել աշխատի, ինչպէս նաեւ դադրին յարձակումները ազատ լրագրողներու եւ մամուլի դէմ, պայքարի ձեռնարկուի կաշառակերութեան դէմ»։

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018