ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ-ՇՈՒՇԻ ՃՈՊԱՆՈՒՂԻՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութեան քննարկումներուն ընթացքին Պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտնեց, որ 2016 թուականէն ի վեր Արցախի կառավարութեան կողմէ քննարկուող Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղիի կառուցման ծրագրի նախագծային աշխատանքը իր աւարտին հասած է:

«Համոզուած եմ, որ այդ ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի: Ստեփանակերտ-Շուշի ճոպանուղին պիտի հանդիսանայ ո՛չ միայն իբրեւ երթեւեկի, այլ զբօսաշրջութեան խթանման համար լուրջ գործօն», յայտնեց Յարութիւնեան՝ նախագիծը Ազգային ժողովին ներկայացնելու ընթացքին եւ նշեց, որ ճոպանուղիի կառուցման զուգահեռ, Շուշիի մէջ կը նախատեսուի ունենալ նաեւ հանգիստի գօտի:

 

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018