ՔՆԵՍԷԹԻ ԿՈՂՄԷ ՇՐՋԱԴԱՐՁ

Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտէլշթայն կասեցուց հայկական բանաձեւին քննարկումը։ Վերջին օրերուն, Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ Քնեսէթէ ներս շրջանառութեան մէջ դրուած էր հայկական բանաձեւ մը՝ Ձախակողմեան կեդրոնական կուսակցութեան ղեկավար Թամար Զանտպերկի նախաձեռնութեամբ։ Պատկան յանձնաժողովը հաւանութիւն տուած էր՝ որպէսզի այս բանաձեւը քննարկուի Քնեսէթի կողմէ։ Երէկ, սակայն, Քնեսէթի նախագահ Էտէլշթայն տեղեկացուց, որ այդ բանաձեւը օրակարգէ դուրս մնացած է։ Որպէս պատճառաբանութիւն՝ ան յայտնեց, որ յայտնի չէ, թէ նախագիծը մեծամասնութեան աջակցութեան պիտի արժանանա՞յ կամ ոչ։

Այս իրադարձութեան վրայ Թամար Զանտպերկ Էտէլշթայնը մեղադրեց քաղաքականութիւնը գերադաս համարելով բարոյագիտութենէ։

Երեքշաբթի, Մայիս 29, 2018