ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՔԹ. ՌԱՖՖԻ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Բօթը հասաւ Նիւ Եորքէն։ Ոչ եւս է Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան։ Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ ան երէկ առաւօտեան ժամերուն անողոք հիւանդութեան պատճառով աչքերը փակած է կեանքին խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքը, սիրելիները եւ սփիւռքեան բազում շրջանակներ։ Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան թէ՛ շատ հեղինակաւոր մասնագէտ մը եւ թէ մեծ յարգանքի եւ համակրանքի արժանացած ազգային գործիչ մըն էր։ 81 տարեկան հասակին ան հեռացած է երկրաւոր կեանքէ՝ իր ետին թողլով բարի յիշատակ մը եւ իրեն նկատմամբ երախտագիտական մեծ զգացումներով պայմանաւորուած անջնջելի հետք մը, համբաւ մը։

Ռաֆֆի Յովհաննէսեան անդրանիկ որդին էր Առաքել եւ Տիրուհի Յովհաննէսեան ամոլին, որ բախտաւորուած էր վեց զաւակով։ Ան ծնած էր Երուսաղէմի մէջ, ուր իր ընտանիքը հանգրուանած էր 1915-էն վերջ։ Արաբա-իսրայէլական հակամարտութեան մթնոլորտին մէջ, շատ փոքր տարիքին ընտանեօք հաստատուած էին Հալէպ, ուր սկսած ուսումը յաջորդած տարիներուն շարունակած էր Պէյրութի մէջ։ Աւարտած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը եւ աւելի վերջ ալ մասնագիտական ուսումը կատարելագործելու նպատակով բռնած՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ճանապարհը։ Նոր աշխարհէ ներս նախ հանգրուանած էր Ինտիանա նահանգէն ներս, ուր աշխատած էր երկար տասնամեակներ։ Ներքին հիւանդութիւններու ընդհանուր մասնագէտ դարձած էր եւ կեդրոնացած էր նաեւ աղիքներու հարցերու վրայ։ Իր բժշկական գործունէութեան ամբողջին մէջ առանձնացած է այն ժամանակաշրջանը, երբ Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան մեծ զոհողութիւններով ու մարդասիրական մղումով աշխատած է Ափրիկէի մէջ։  Հայ-ամերիկեան առողջապահութեան արհեստավարժներու կազմակերպութեան սիւներէն մին էր։ Ամերիկահայ բժիշկներու այս միաւորման բազմակողմանի գործունէութեան մղիչ ուժերէն մին կը համարուէր։

Ամերիկահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս իր մասնակցութիւնն ու ներդրումը այսքանով սահմանափակուած չէր։ Ինտիանայի մէջ աշխատած տարիներուն, օգտուելով նաեւ ֆիզիքական մօտիկութենէն, կը մասնակցէր Շիքակոյի շրջանի համայնքային կեանքին։ Միշտ եղած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հաւատարիմ զաւակը։ Փելոսայլի Ս. Աննա եկեղեցւոյ պայծառութեան համար մեծ աշխատանք տարած էր ու եղած էր անոր յարակից սրահի բարերարը։

Հանգստեան կոչուելէ վերջ տեղափոխուած էր Նիւ Ճըրզի, իբր այդ Նիւ Եորքի շրջանէն ներս շարունակած էր իր բազմակողմանի գործունէութիւնը ամերիկահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Զբաղեցուցած էր զանազան վարչական պաշտօններ եւ յանձն առած կարեւոր բարերարութիւններ։ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս քանիցս Շիքակոյէն թեմական պատգամաւոր ընտրուած էր։ Զանազան շրջաններ եղած էր Արեւելեան թեմի Թեմական խորհուրդի կամ Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ։ Նոյն թեմի յարակից Ս. Ներսէս ընծայարանի խնամակալութեան մաս կազմած էր՝ որպէս գանձապահ ու եղած՝ անոր բարերարներէն մին։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի առաջնորդութեան շրջանին, 2014 թուականին,  Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը մեծարանքի շքեղ հանդիսութիւնով մը արժեւորած էր Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի կողմէ տասնամեակներու տեւողութեան ծաւալուած անգնահատելի եւ անփոխարինելի աշխատանքը։

Վարչական պաշտօններ ստանձնած էր նաեւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութենէն (ՀԲԸՄ) ներս, ուր եւս կը վայելէր յարգանք։

Իր գործունէութիւնը եւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բերած աջակցութիւնը սահմանափակուած չէր միայն Արեւելեան թեմով։ Երանաշնորհ Տ.Տ. Վազգէն Ա. եւ Տ.Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու գնահատանքին արժանացած էր։ Գարեգին Ա. հոգելոյս կաթողիկոսի անձնական բժիշկն էր։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանին ալ շարունակած էր յանձնառութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ։ Այլ պարգեւներու առընթեր, արժանացած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանին։

Հայ Եկեղեցւոյ ծրագրերուն առընթեր, միշտ իր զօրակցութենէն բաժին դուրս կը բերէր Հայաստանի եւ Արցախի վերաբերեալ ծրագրերուն համար։

Մասնագիտական հեղինակութեան եւ ընկերային բեղուն գործունէութեան զուգահեռ՝ Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան ընտանեկան տիպար ու գորովագութ հայր մըն էր։ Իր կողակիցը՝ Շողակ Յովհաննէսեան նոյնպէս վառ անհատականութիւն մըն է ամերիկահայ շրջանակներէն ներս։ Տքթ. Ռաֆֆի եւ Շողակ Յովհաննէսեան ամոլը բախտաւորուած էր երեք զաւակներով՝ որդի մը եւ երկու դստրեր։ Անոնք ունին նաեւ բազմաթիւ թոռնիկներ։ Ռաֆֆի եւ Շողակ Յովհաննէսեան ամոլը ամերիկահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս յանձնառութեան ախոյեաններու շարքին կը դասուէր։

Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, դժբախտաբար, շուրջ եօթ տարիէ ի վեր կը տառապէր քաղցկեղէ։ Հակառակ բժշկական խնամքին եւ իր ընտանիքի ջերմ հոգածութեան, վերջին շրջանին լրջօրէն վատթարացած էր իր առողջութիւնը։ Այս բոլորէն վերջ, ան երէկ աչքերը փակեց կեանքին՝ անմխիթար թողլով իր հարազատներն ու սիրելիները։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Գալիֆորնիոյ մէջ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան ձեւով։ Առօրեայի բնականոնացումէն վերջ Արեւելեան թեմէն ներս կը նախատեսուի իրեն համար հոգեհանգստեան պաշտօն եւ պատշաճ ոգեկոչում։

Այս տխուր առթիւ երկնային հանգիստ կը հայցենք Տքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի բարի հոգւոյն եւ խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք իր այրիին՝ Շողակ Յովհաննէսեանին, զաւակներուն, թոռներուն, բոլոր հարազատներուն եւ սիրելիներուն։ Նոյն առթիւ ցաւակցութիւն կը յայտնենք նաեւ մեր համայնքի բարերարներէն Նալպանտղազարօղլու ընտանիքին, որու ազգականն էր հանգուցեալը։

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020