ՕՏԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆ

Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան ուղղութեամբ սփիւռքի մէջ անխափան աշխատանք կը տարուի մասնագիտական շրջանակներու կողմէ։ Այս ծիրին մէջ նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ նաեւ «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութիւնը, որ կը գործէ Փարիզի մէջ։ Օտարախօսներու համար արեւմտահայերէնի ձեռնարկ մը պատրաստած է այս միութիւնը, որու գլուխը կը գտնուի արեւմտահայերէնի ուխտեալ պաշտպան մը՝ Տքթ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան։ Այս կապակցութեամբ միութեան կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։

Փարիզի «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութիւնս որոշեց համացանցի վրայ փոխգործօն կայքի ձեւով տեղադրել «Օտարախօսներու համար արեւմտահայերէնի ձեռնարկ» կոչուած եռալեզու դասընթացքը, (հեղինակ՝ Տքթ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան), որ յատուկ կերպով պատրաստուած է օտարախօսներու համար եւ անոնց կարելիութիւն կու տայ 50 ժամ դասաւանդութեամբ հայ լեզուն հասկնալու, պատասխանելու, կարդալու եւ գրելու՝ 1000 քերականական բառի սահմաններուն մէջ:

Այս ձեռնարկը միակ դասընթացքն է, որ պատրաստուած է լսատեսողական-կառուցողական մեթոտաբանութեամբ (méthodologie audiovisuelle structuro-globale) եւ մանկավարժական ամբողջութիւն մըն է, բաղկացած՝ Պատմուածքի գիրքէն (խօսակցական լեզուի իւրացման համար), Ընթերցանութեան գիրքէն, (գրաւոր լեզուի իւրացման համար), Վարժութիւններու գիրքէն (լեզուական կառոյցներու իւրացման համար) եւ երկու խտասալիկներէ (CD):

Փարիզի մէջ, «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան եւ զարգացման միութեանս ծոցին, նաեւ Մարսէյլի, Հալէպի, Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու մէջ, շուրջ 3 հազար հոգիի վրայ կատարուած կիրարկումներու հիանալի արդիւնքները մեզ մղեցին փոխգործօն կայքի ձեւով (ինտերակտիւ) եւ անվճար կերպով համացանցի վրայ տեղադրելու այս դասընթացքը, որպէսզի մեր օտարախօս նորահաս սերունդը կարելիութիւն ունենայ հայերէն սորվելու, նոյնիսկ աշխարհի այն վայրերուն մէջ, ուր հայերէնի դասաւանդութիւն գոյութիւն չունի:

Այս փոխգործօն դասընթացքի համացանցային հասցէն է՝

armenianonline.net

Learn Western Armenian

Կրնաք օգտուիլ այս անվճար դասընթացքէն եւ տարածել տեղեկատուութիւնը ընկերային ցանցերու վրայ:

Դասընթացքի եւ կայքի լեզուն (անգլերէն, ֆրանսերէն կամ հայերէն) կարելի է ընտրել՝ սեղմելով համապատասխան դրօշին վրայ:

Համակարգիչ չունեցողներ կամ անոնք, որոնք կը նախընտրեն ձեռքի տակ ունենալ «Օտարախօսներու համար արեւմտահայերէնի ձեռնարկ»ի տպագրուած օրինակը՝ իր երեք գիրքերով եւ երկու խտասալիկներով, միշտ կրնան զայն գնել, դիմելով Փարիզի «Մաշտոց» միութեան։

Հեռ. +33.1.47509751

Ել-նամակ՝ association.machtotz@gmail.com

Ուրբաթ, Մայիս 29, 2020