ԵՐԵՒԱՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Երեւանի ղեկավարութիւնը արձագանգեց Թուրքիոյ ընտրութիւններու արդիւնքին։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը երէկ ուշ երեկոյեան շնորհաւորեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութիւնը։ «Կ՚ակնկալեմ, որ կը շարունակենք համատեղ աշխատանքը մեր երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ», նշուած է Փաշինեանի շնորհաւորականին մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023