ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒԵՑԱՒ «REEBOK» ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ

Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Reebok» մարզական ակումբը։ Շատ ընդարձակ համալիր մըն է այս մէկը, որ օժտուած է մարմնամարզի ժամանակակից բազմաթիւ ու բազմաբնոյթ սարքաւորումներով։ Բացման արարողութեան պատուոյ հիւրն էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը հատեցին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ համալիրի պատասխանատուները։ Սերժ Սարգսեան համալիրէն ներս շրջայց մը կատարեց ակումբի հիմնադիր-ղեկավարներուն, «Reebok»ի տարածքաշրջանային ներկայացուցչին, մարզական եւ առողջապահական բնագաւառներու պատասխանատուներուն եւ այլ հիւրերու հետ։ Նորագոյն ու գերարդիական սարքաւորումներով յագեցած այս նորաբաց ակումբէն ներս նախագահը ծանօթացաւ իրականացուած ներդրումներուն, ստեղծուած աշխատատեղիներու պայմաններուն, ծառայութիւններուն եւ զարգացուող ծրագրերուն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 2015 թուականին սկսած էր այս ակումբի կառուցումը։ Ծրագրի արժէքը կազմած է 23 միլիոն եւրօ։ Կեդրոնը կառուցուած է միջազգային չափանիշներու համապատասխան։ «Reebok»ի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տանիէլ Ալվարէս բացման հանդիսութեան ժամանակ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին նշեց, որ Հայաստանի խումբին հետ համագործակցութեան արդիւնքները գոհացուցիչ են։

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017