ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի հետ։ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հաւաքի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նախարարներուն տեսակցութիւնը։ Ֆիքրի Ըշըք ամերիկացի իր պաշտօնակցի նկատառման յանձնեց՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի նկատմամբ Ուաշինկթընի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշման բերումով։ Նախարարը յստակօրէն ընդգծեց Անգարայի վերապահութիւնները։ Մաթիսն ալ մանրամասնօրէն կանգ առաւ անցեալ շաբաթ Ըշըքին ուղարկած նամակի մանրամասնութիւններուն վրայ։

Պրիւքսելի զրոյցին ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նաեւ Քաթարի իրադարձութիւնները։

Հինգշաբթի, Յունիս 29, 2017