ԱՐՔԱՅԱԶՆԻ ՋԵՐՄ ԱՅՑԸ

Անգլիոյ արքունիքէն արքայազն Ուիլիըմզ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Իսրայէլ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ծիրէն ներս ան երէկ այցելեց Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը, ուր հիւրընկալւեցաւ յունաց Իրինիոս Պատրիարքին եւ հայոց եւ լատինաց պատրիարքարաններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ ներկայ էին լուսարարապետ Տ. Սեւան Արք. Ղարիպեան, Ս. Յարութեան տաճարի հայ տեսուչը՝ Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան, դիւանապետ Տ. Յովնան Վրդ. Պաղտասարեան եւ այլ հոգեւորականներ։

Ս. Յարութեան տաճարէն ներս իշխան Ուիլիըմզ գտնուեցաւ Ս. Արեւմաթացիի հայկական մատրան մէջ։ Այստեղ Տ. Սամուէլ Ծ. Վրդ. Աղոյեան արքայազնին նուիրեց հայկական խաչ մը։ 

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018