ԲԱՑԱՅԱՅՏՄԱՆ ԿԱՄՔ

Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան յայտարարեց, որ կաշկանդող հանգամանք մը չկայ 1 մարտ 1999 թուականի դէպքերու բացայայտման համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սասուն Խաչատրեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց Հայաստանի կառավարութեան նիստէն առաջ։ Ան մամուլին յայտարարեց, որ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը ունի քաղաքական կամք այդ դէպքը բացայայտելու համար՝ անկախ այն անձերէն, որոնք ներգրաւուած կ՚ըլլան այս գործին մէջ։

Պատասխանելով հարցումի մը՝ Սասուն Խաչատրեան աւելցուց. «Ես տեղեկատուութիւն կը հրապարակեմ այն ծաւալով, որով վնաս չի հասնիր այս գործի քննու-թեան։ Բայց կրնամ ըսել, որ որեւէ կաշկանդում գոյութիւն չունի ոեւէ անձ հարցաքննութեան հրաւիրելու, չկայ այդպիսի բան, կայ դէպքը բացայայտելու կամք»։ Սասուն Խաչատրեան ընդգծեց, որ յառաջիկային իրենց ծառայութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ պիտի տեղադրուի տեղեկատուութիւն՝ այս գործի ընթացքին շուրջ։

Լուսանկարին մէջ Սասուն Խաչատրեան (ձախին) կ՚երեւի Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արթուր Վանեցեանի հետ՝ կառավարութեան երէկուան ժողովէն առաջ։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018