ԵՄ-Ի ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ՏՈՒԱՒ՝ ՈՐՊԷՍԶԻ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՅԱՏԿԱՑՈՒԻ 3 ՄԻԼԻԱՌ ԵՒՐՕ

Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ՝ համաձայնութեան հասնելու համար գաղթականներու խնդրին շուրջ։ Պրիւքսելի մէջ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդին ժողովը, որու ընթացքին ապրուեցան բարդ վէճեր։ Արդիւնքին, ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները հասարակաց յայտարարի մը հասան գաղթականներու վերաբերեալ մարտահրաւէրներուն շուրջ։ Անոնք ընդունեցին փաստաթուղթ մը, որով կը նախատեսուի միջոցառումները ուժեղացնել՝ սահմանափակելու համար ԵՄ-ի տարածքէ ներս գաղթականներու ապօրինի մուտքը, պայքարելու համար թրաֆիքինկի կազմակերպիչներուն դէմ։ Կը նախատեսուի նաեւ Եւրոպայէ ներս ստեղծել գաղթականներու համար վերահսկման կեդրոններ։ ԵՄ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները շուրջ 12 ժամ բանակցութիւններ վարեցին՝ այս փաստաթուղթի բովանդակութեան շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար։ «Եւրոմիութիւնը վճռական է շարունակելու եւ ամրապնդելու իր քաղաքականութիւնը՝ որպէսզի կանխէ վերադարձը 2015 թուականի անվերահսկելի հոսքերուն», նշուած է փաստաթուղթին մէջ։ Եւրոպական կողմը մտադիր է ա՛լ աւելի աշխուժացնել մաքսանենգներու գործողութիւններու կասեցման ուղղեալ ջանքերը, մասնաւորապէս Լիպիայի մէջ։ ԵՄ-ի ղեկավարները յայտարարած են նաեւ ապօրինի գաղթականներու վերադարձը զգալիօրէն աշխուժացնելու անհրաժեշտութեան մասին։

Պրիւքսելի գագաթաժողովին ընթացքին հաւանութեան արժանացաւ նաեւ՝ սուրիացի ապաստանեալներու համար Թուրքիոյ յատկացուելիք 3 միլիառ եւրօ արժողութեամբ օժանդակութիւնը։ Այսպէսով Թուրքիա յառաջիկայ շրջանին պիտի ստանայ սոյն գումարը։ Պրիւքսելի գագաթաժողովէն առաջ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարած էր, որ ԵՄ պէտք է յարգէ Թուրքիոյ տրուած խոստումը։

Պրիւքսելի բանակցութիւններուն ժամանակ, ըստ միջազգային աղբիւրներուն, գաղթականաց հարցին շուրջ բաւական անզիջող դիրքորոշում մը որդեգրուած է Իտալիոյ կողմէ։

Միւս կողմէ, Եւրոմիութեան խորհուրդի գագաթաժողովին ընթացքին որոշուեցաւ երկարաձգել Ռուսաստանի դէմ սահմանուած պատժամիջոցները։ 

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018