ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՀԱՐԹԱԿ

Ամերիկահայ աշխարհահռչակ երաժիշտ, ռաք երաժշտութեան կենդանի առասպել Սերժ Թանկեան վերջերս այցելեց Երեւան։ Իր կեցութեան օրերուն ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի կողմէ։ Հարկ է նշել, որ Հայաստանի վերջին յեղափոխութեան օրերուն Սերժ Թանկեան հրապարակաւ խրախուսած էր այժմու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդած քաղաքացիական անհնազանդութեան շարժումը։ Թանկեան նշեց, որ Երեւան այցելած էր Հայաստանի նոր կառավարութեան հետ բաժնելու համար իր մօտեցումները, որոնք միտուած են հարթակի մը վրայ համախմբելու աշխարհի զանազան ծայրերու հայերը։ Խօսքը համացանցային հարթակի մը մասին է։ Սա պիտի նպաստէ նաեւ հայերու ազգային դիմագծի պահպանման։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը համաձայնեցան միասին աշխատիլ ու զարգացնել այս գաղափարը։ Մխիթար Հայրապետեան եւ Սերժ Թանկեան տեղեկացուցին, որ յառաջիկային պիտի աշխատին ծաւալուն ծրագրերու վրայ։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018