ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Համաշխարհային դրամատան եւ IMF-ի հայազգի աշխատակիցներու ակումբի անդամներուն հետ։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան։ Բաց աստի, պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան աշխատանքային նախաճաշ մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավար կազմին հետ։ Հանդիպման ընթացքին Արմէն Սարգսեան կարեւորեց երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան խթանման ուղղեալ իրաւապայմանագրային դաշտի ընդլայնումը։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան շահագրգռուած է «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» կառոյցի հետ համագործակցութեան վերսկսումով։ Նախագահ Սարգսեան զրոյցի ընթացքին կարեւորեց նաեւ բարձր մակարդակի վրայ այցելութիւններու աշխուժացումը։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018