ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ԳԱՒԱԶԱՆԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պաշտօնի փոխանցման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, նորընտիր Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան առաջնորդական ասան ստացաւ՝ ձեռամբ նախկին առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։

Ասայի փոխանցումը կատարուեցաւ Ս. Պատարագի ընթացքին, զոր մատոյց Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան։ Օրուան քարոզին մէջ նորընտիր թեմակալ առաջնորդը շնորհակալութիւն յայտնեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանին՝ գերմանահայոց թեմէն ներս ամբողջ 23 տարի տարած հոգեւոր ծառայութեան համար։ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան Քէօլնի առաջնորդանիստ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ խորանէն կոչ ուղղեց՝ որպէսզի գերմանահայ համայնքի բոլոր տարրերը ըլլան սիրոյ, միասնականութեան ու փոխադարձ յարգանքի մթնոլորտին մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018