ՆՈՐ ԴԷՊՔԵՐԸ ԱՐԱԳ ԹԱՓՈՎ ՉԵՆ ՆՈՒԱԶԻՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ մղուած պայքարի արդիւնքը միշտ կը չափուի վիճակագրական տուեալներով։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ երէկ Թուրքիոյ մէջ 48 հազար 309 քննութիւն կատարուած է եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուած է 1356 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակաշրջանին եւս 15 հիւանդ զոհ գացած է համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղած է 1413։

Նախարար Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ յայտնեց, որ նոր վարակումները բաւարար թափով չեն նուազիր եւ համաճարակի դէմ պայքարը ամբողջական նախազգուշական միջոցներով չի մղուիր։ «Ամառը թուլացումներու պատճառ պէտք չէ դառնայ», ըսաւ Քոճա։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2020