ԱՐՄԷՆ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան տնօրէն Ֆրէտէրիք Մոնթոլոյի եւ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի դիւանագիտական խորհրդական Իզապէլ Տիւմոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպումներու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութիւն կեդրոնացուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ։ Արմէն Գրիգորեան մասնաւորապէս կարեւորեց հիմնախնդրի երկարաժամկէտ քաղաքական կարգաւորումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս։ Շօշափուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան իրավիճակին ու մարտահրաւէրներուն եւ անոնց լուծման ուղղեալ հայկական կողմի տեսակէտներու վերաբերեալ հարցեր։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն։ Արմէն Գրիգորեան ներկայացուց Երեւանի տարածաշրջանային խաղաղութեան հաստատման օրակարգը։

Արմէն Գրիգորեանի Փարիզի շփումները զուգադիպեցան ուշագրաւ ժամանակաշրջանի մը։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջին օրերուն Պաքուի մէջ յայտարարած էր, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը դադրած է գոյութիւն ունենալէ։ Անմիջապէս արձագանգած էր Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ յիշեցնելով, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին համատեղ յայտարարութեան մէջ կար համապատասխան ակնարկութիւն։ Ներկայ շաբթուայ սկիզբին Նիկոլ Փաշինեանն ալ ակնարկած էր այս հարցին։ Ան տարօրինակ համարած էր Լաւրովի յայտարարութիւնը յիշեցնելով, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման լիազօրութիւնը ունի։ Լաւրով Մինսքեան խմբակի գործունէութեան դադրեցման վերաբերեալ յայտարարութիւնով արդէն նոյն յաճախականութեան վրայ եկած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ վերջերս յաճախ կ՚ընէ նման պնդումներ։

Վարչապետ Փաշինեան վերջին յայտարարութիւններուն մէջ ըսաւ. «Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը Ռուսաստանի նախագահի ենթակայութեան տակ է եւ անոր որոշումներուն ներքեւ, շրջանակներէն ներս գործող պաշտօնեայ մըն է։ Ինչո՞ւ կ՚ըսեմ այս բանը. պարզ պատճառով մը՝ ապրիլի 15-ին պաշտօնական այցելութիւն մը տուած եմ Ռուսաստան, համատեղ յայտարարութիւն ստորագրած ենք Ռուսաստանի նախագահին հետ։ Այդ յայտարարութեան 24-րդ կէտին գրած ենք, որ պէտք է համագործակցինք Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման շուրջ, պէտք է օգտագործենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներուժը՝ անոր միջազգային լիազօրութեան համապատասխան։ Սա Ռուսաստանի Դաշնակցութեան պաշտօնական տեսակէտն է, որ արձանագրուած է թուղթի վրայ։ Կը կարծեմ, թէ պէտք է այս հակասութիւնը պարզաբանուի՝ թէեւ պարզաբանելու բան ալ չկայ, որովհետեւ ընդունուած է համատեղ յայտարարութիւնը»։

Փաշինեան ընդգծեց, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահ երեք երկիրները վերահաստատած են իրենց յանձնառութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ։ «Ռուսաստան համատեղ յայտարարութեան ձեւաչափով, Ֆրանսա այդ մասին քանի մը անգամ յայտարարած է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները քանի մը անգամ այդ մասին յայտարարած է։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները չեն յայտարարած իրենց չգոյութեան մասին», աւելցուցած էր Փաշինեան։ Նոյն յայտարարութիւններուն մէջ Փաշինեան յայտարարած էր, որ վերջին օրերուն Արմէն Գրիգորեան Պրիւքսելի մէջ պէտք է հանդիպէր Ատրպէյճանի նախագահի անձնակազմէն՝ Արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւի հետ։ Բայց եւ այնպէս, Պաքու հրաժարած է մասնակցիլ այդ հանդիպման։ Նախապէս այդ ձեւաչափով ուրիշ հանդիպումներ ալ տեղի ունեցած էին։

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Միւս կողմէ, Ուաշինկթըն պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւ չէ ընդունած Լեռնային Ղարաբաղի ապագան քննարկելու ջանքերը։ ԱՄՆ-ի Պետական քարտուղարութեան Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով բաժանմունքը այս կապակցութեամբ հաղորդեց. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահը այսօր զրուցած է իր գործընկերներուն հետ՝ քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի ապագան։ Ցաւալի է, որ ռուս համանախագահը չընդունեց հրաւէրը։ Մենք անհամբեր կը սպասենք Մինսքեան խմբակի աշխատանքներու շարունակութեան»։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022