ԹՈՒՐՔԻՈՅ, ՆԱԹՕ-Ի, ՇՈՒԷՏԻ ԵՒ ՖԻՆԼԱՆՏԻՈՅ ՄԻՋԵՒ ՅՈՒՇԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏՈՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ ՄԱՏՐԻՏԻ ՄԷՋ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ այսօր Մատրիտի մէջ կը սկսի ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ բացառիկ նշանակութիւն ունի՝ միջազգային առկայ իրադրութեան բերումով։ Երբ պատերազմը հրատապ օրակարգ դարձած է, միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ դաշինքին անդամակցութիւնը։ Այս գործընթացը նուրբ վիճակ մը ստեղծած էր, որովհետեւ Անգարայի կողմէ կանաչ լոյս չէր վառուած Սթոքհոլմի եւ Հելսինքիի անդամակցութեան համար։ Ամիսներէ ի վեր այս խնդիրը ուխտի շրջանակներէ ներս օրակարգի վրայ է՝ բանակցութիւններով եւ կացութիւնը հարթելու ուղղեալ զանազան որոնումներով։

Երէկ, այս բոլորէն վերջ, Մատրիտի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, որ նախորդեց ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան մէկտեղուեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի, Ֆինլանտիոյ նախագահ Սաուլի Նիինիսթէօյի եւ Շուէտի վարչապետ Մակտալենա Անտերսոնի հետ։ Հանդիպման ընթացքին Էրտողանի կողքին էին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար, ՄԻԹ-ի խորհրդական Հաքան Ֆիտան, իր բանբերը՝ Իպրահին Քալըն, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

Այս կարեւոր հանդիպումէն վերջ Թուրքիոյ, Ֆինլանտիոյ եւ Շուէտի միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը՝ երեք երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ։ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի առընթեր յուշագիրը ստորագրեցին Շուէտի Արտաքին գործոց նախարար Անն Լինտէ եւ Ֆինլանտիոյ Արտաքին գործոց նախարար Փեքքա Հաաւիսթօ։

Այս յուշագրին ստորագրումով Անգարա պաշտօնապէս կանաչ լոյս վառեց Սթոքհոլմի եւ Հելսինքիի դաշինքի անդամակցութեան համար։ Թուրքիա օրէն ի վեր անհանգիստ էր Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ կողմէ զանազան ահաբեկչական լծակներու դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքէն՝ մասնաւորապէս կ՚ընդգծէր ՓՔՔ-ի եւ ՖԵԹԷՕ-ի գործունէութիւնը։ Այժմ Թուրքիոյ վերապահութիւններն ու մտահոգութիւնները յաղթահարուած են։ Անգարա բաւարար երաշխիքներ ունեցած է, որ Սթոքհոլմ եւ Հելսինքի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին լիակատար աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն։ Այս կէտին վրայ ալ արդէն ստորագրուած է յուշագիրը, որ ողջունելի համարուած է ՆԱԹՕ-ի շրջանակներուն կողմէ։ Ամերիկայի Միացեալ Նախանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, որու հետ այսօր ժամադրուած է նախագահ Էրտողան, այս կապակցութեամբ շնորհաւորած է Թուրքիան։

Իր կարգին, Եէնս Սթոլթենպերկն ալ դիտել տուաւ, որ վերջին տասն տարուան մեծագոյն անվտանգութեան տագնապը յաղթահարուած է։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022