ԾԱՌԵՐՈՎ ԵՒ ՅՈՅՍՈՎ ԴԷՊԻ…

Կանաչը կենսունակութեան, յարատեւութեան գոյնն է։ Ծառը կեանքի նշան է։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցն ալ կեանքի ծառը ջրելու ուղղեալ կոթող մըն է։

Վերջին բարեզարդումներով հիւանդանոցի համալիրը հարստացած է զանազան ծառերով։ Անոնց շարքին չորսը կ՚առանձնանան իրենց տեսակով եւ հնութեամբ։ Արդարեւ, մին աւելի քան 200 տարեկան է, իսկ միւսները քիչ մը պակաս։ Չէ՞ որ, հիւանդանոցին առջեւ ալ ուրուագծուած է երկրորդ դարադարձի հորիզոնը։

Սիւրմէլեանի բանաստեղծութեան մէջ անմահութեան բանաձեւումը դիպուկ է. «Մեռելներուս իբրեւ խաչ՝ ես այս ծառը տնկեցի…»։ Հիւանդանոցի պարտէզի ծառերն ալ անոր յարատեւութեան ու կենսունակութեան մարմնաւորումներն են։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022