ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ԱՄՓՈՓՈՒՄ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի հերթական 31-րդ ժողովը։ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու ընթացքին գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան տեղեկացուց, թէ անցեալ տարի Արցախէ ներս սկիզբ դրուած՝ 80 միլիոն տոլար արժողութեամբ ծրագիրները կ՚իրականացուին անխտիր։ Իր կարգին, Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ նշեց, որ համայն հայութեան ջանքերուն շնորհիւ Արցախէ ներս կ՚իրականացուին մեծածաւալ բնակարանաշինական աշխատանքներ։

Խորհուրդի ժողովին Վահագն Խաչատուրեանն ալ դիտել տուաւ, որ հիմնադրամի համահայկական ընդգրկումը կը բացառէ որեւէ քաղաքական միտում, նախընտրութիւն կամ ազդեցութիւն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022