ERVAB ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԿԱԶՄԵՐԸ

Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) քարտուղարութիւնը երէկ յետմիջօրէին պաշտօնապէս տեղեկացուց, թէ համայնքային հաստատութիւնները ընդհանուր ըմբռնումի մը հասած են եւ ընտրական նոր կանոնադրութեան համար որոշած՝ ստեղծել ընտրական մարմիններ։ ԹՎՄ-ի աշխատանքներուն մասնակցած 35 համայնքային վաքըֆներու վարիչները իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի պարագային հասարակաց ընտրական մարմիններ ստեղծելու շուրջ համամիտ գտնուած էին։ Ըստ կանոնադրութեամբ նախատեսուած սահմանումներուն, Բ. ընտրաշրջանին մէջ խնդրոյ առարկայ է մեծ խտութիւն, ուստի այդ ընտրաշրջանին համար ձեւաւորուած է երկու ընտրական մարմին։

ԱՌԱՋԻՆ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ

Այս ընտրաշրջանը կ՚ընդգրկէ Իսթանպուլի ամբողջ Ասիական մասը եւ կղզիները։ Պատկան հաստատութիւններու փոխըմբռնումով՝ այս ընտրաշրջանի ընտրական մարմնին մաս պիտի կազմեն հետեւեալ անունները.

Իրաւաբան Էօմէր Քանթիք, Ժիրայր Ճանկէօզեան, Ալին Շէնճան, Ռաֆֆի Պոյաճը, Պետրոս Մարզուան, Լիանա Կիւլ, Արեւ Ապանլեան, Անի Ֆէնէրճի։

ԵՐԿՐՈՐԴ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ

Այս ընտրաշրջանը կ՚ընդգրկէ Իսթանպուլի ամբողջ եւրոպական մասը, ինչպէս նաեւ այն հատուածը, որ հին քաղաքի պարիսպներուն մէջ կը մնայ։ Այս ընտրաշրջանին համար երկու ընտրական մարմին ստեղծուած է։

Առաջին կազմին մէջ կը գտնուին հետեւեալ անունները.

Իրաւաբան Սելինա Տողան, Սիմոն Քումրալ, Արման Քարա, Արի Գէորգ Տեմիրճիօղլու, Ռաֆֆի Թոմպաք, Արաքսի Գազանճեան, իրաւաբան Սեդրակ Տավութհան, Լեւոն Նազարէթեան։

Այս ընտրաշրջանի երկրորդ կազմին մէջ են հետեւեալներ.

Սէրտար Քասափճըլար, Անէթ Չեփքինլի Կէօզէլ, Կարպիս Տուրասլան, Թաթիանա Թումանեան, Սեւան Ուլութաշ, Քրիստին Էպիլ, Վարդգէս Քարաման, Առէն Տիւվենճի։

ԵՐՐՈՐԴ ԸՆՏՐԱՇՐՋԱՆ

Այս ընտրաշրջանը դարձեալ քաղաքի եւրոպական ափը կ՚ընդգրկէ՝ բացառութեամբ հին քաղաքի պարիսպներէն ներս մնացած հատուածէն։ Արդարեւ, ընտրաշրջաններու սահմանումները կատարուած են՝ հաշուի առնելով երեսփոխանական ընտրութիւններուն ժամանակ կատարուած գործադրութիւնները։ Ուստի, գործնականօրէն այս ընտրաշրջանի սահմանին մէջ կը մնան միայն Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եւ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիները։ Այս ընտրաշրջանին համար ստեղծուած ընտրական մարմնին վստահուած է նաեւ գաւառի մեր եկեղեցիներու ընտրութիւններու կազմակերպման պատասխանատուութիւնը։ Այս կազմին մէջ են հետեւեալ անունները.

Ստեփան Ալթունթեփէ, Յակոբճան Հիւլիար, Ս. Սիլվա Նուեան, Մուրատ Էօզքան, Արթին Պըչաքճը, Սեւան Աքալ, Արմենակ Քեշիշկիլ, Առլէն Քեշիշկիլ։

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Ըստ ԹՎՄ-ի քարտուղարութեան, յառաջիկային ընտրական մարմինները ժողով մը գումարելով պաշտօնապէս որոշում պիտի առնեն ընտրութեան ձեռնարկելու համար, նաեւ գործի պիտի լծուին՝ թուականները ճշդելու, քուէատուփերու տեղադրուելիք վայրերը յստակեցնելու նպատակով։ Անոնք նաեւ պիտի պարզեն, թէ ո՛ր հաստատութիւններու պարագային համատեղ քուէարկութիւն կրնայ իրականացուիլ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 29, 2022