ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը։ Դէպքը պատահեցաւ Հայաստանի սահմանի հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ բացուած կրակին զոհ գնաց հայկական բանակէն Արման Բուլղադարեան (1995)։

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ցաւակցութիւն կը յայտնէ նահատակ զինուորի հարազատներուն եւ զինակիցներուն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019