ԱՌՑԱՆՑ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ՝ ՃԱԲՈՆԻ ՄԷՋ

Հայ երեխաները կրնան մասնակցիլ Ճաբոնի մէջ կայանալիք միջազգային ցուցահանդէսին։ Այսպէս, յաջորդ տարուայ յուլիսի 6-օգոստոս 22 թուականներու միջեւ Ճաբոնի Քանակաւա կուսակալութեան մէջ տեղի կ՚ունենայ «Kanagawa World Children’s Art Exhibition» ցուցահանդէսը:

4-15 տարեկան մանուկներու ու պատանիներու համար նախատեսուած միջոցառումը, որու շրջանակներէն ներս անոնք կրնան ներկայացնել իրենց նկարները, կը կազմակերպուի երկու տարին անգամ մը։

Յայտերը կ՚ընդունուին 2020 թուականի սեպտեմբերի 1-էն մինչեւ նոյեմբերի 30-ը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020