ԷԼԹԸՆ ՃՈՆԻ ԴԱՏԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Էլթըն Ճոնի նախկին կինը անկէ 3 միլիոն սթերլին պահանջած է։ Այսպէս, երաժիշտ Էլթըն Ճոնի նախկին կինը 3 միլիոն սթերլինի հայց ներկայացուցած է՝ պնդելով, որ ան խախտած է ամուսնալուծութեան համաձայնագիրը՝ զայն ներառելով իր յուշերուն եւ «Ռոքետմըն» կենսագրական շարժանկարին մէջ։

Էլթըն Ճոնի նախկին կինը՝ Ռենաթա Պլաուէլ դատի տուած է 73-ամեայ երաժիշտը համաձայնագրի «բազմակի եւ աղաղակող» խախտումներու համար, որ զոյգը ստորագրած է 1988 թուականին՝ չորս տարուայ ամուսնութենէն յետոյ։ Փաստաթուղթը ներառած է կէտ մը, որ կ՚արգիլէ անոնցմէ ոեւէ մեկուն քննարկել իրենց ամուսնութիւնը կամ ամուսնալուծութեան պատճառները։

Փաստաթուղթերուն մէջ Պլաուէլի իրաւաբանական խումբը կը պնդէ, որ ան ամուսնալուծութենէն յետոյ փորձած է թաքցնել իր կեանքը հասարակութենէն, այդ կարգին՝ անուան եւ արտաքինի փոփոխութիւնները, սակայն անոր կեանքի եւ երգիչի հետ ապահարզանի մանրամասները բացայայտուած են շարժապատկերին եւ յուշերուն մէջ:

Պլաուէլ կը պահանջէ դատական արգելք, որպէսզի կանխուի տեղեկատուութեան բացայայտումը ապագային, ինչպէս նաեւ ըլլայ վնասի փոխհատուցում, որ, կը կազմէ մօտաւորապէս 3 միլիոն սթերլին։

Երգիչի կողմը կը հերքէ համաձայնագիրի խախտումը՝ պնդելով, որ գիրքի, շարժանկարի եւ «Instagram»ի մէջ հրապարակման մանրամասները հանրամատչելի են, եւ, որ պայմանագիրը «կ՚ընդգրկէ միայն անձնական եւ գաղտնի նիւթեր»։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020