ԷՐԻՔՆ ՈՒ ՀԱՆՆԱՆ…

Ընկերային կայքէջ մը ցոյց տուած է, թէ ինչպէս տեսք կ՚ունենան Netflix-ի շարժանկարի եւ հեռուստատեսիլային շոուներու այլ ծառայութիւններու սիրահարները քսան տարի վերջ, եթէ իրենց ամբողջ ժամանակը անցընեն ժապաւէններ եւ շարքեր դիտելով:

Մասնագէտները ստեղծած են Էրիքն ու Հաննան, որոնց արտաքին տեսքը կը յուշէ, թէ անոնք չեն զբաղիր մարզանքով եւ չեն պտտիր մաքուր օդին։

Էրիքն ու Հաննան ունին ողնաշարի խնդիրներ, աչքերու տակ ունին մուգ շրջանակներ, իսկ աչքերը արիւնոտ են՝ անընդհատ շարքեր դիտելու պատճառով:

Անոնց մազերը կը թափին արեւու լոյսի եւ կենսանիւթ Տէ.-ի պակասի պատճառով: Այդ նոյն պատճառով անոնք ունին գունատ մաշկ:

Բաց աստի, Էրիքն ու Հաննան միշտ ունին վատ տրամադրութիւն:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020