ԻՆՉՊԷ՞Ս ՍՏԵՂԾՈՒԵՑԱՒ «ՃԷՅԼՕ»Ն

Ճենիֆըր Լոփէզ պատմած է, թէ ով յօրինած է ՃէյԼօ մականունը։ Ամերիկացի դերասանուհի, երգչուհի, արտադրող եւ գործարար Ճենիֆըր Լոփէզ բացայայտած է իր՝ ՃէյԼօ (JLo) կեղծանուան հեղինակը: Նախկինին կար համընդհանուր վարկած, համաձայն որու՝ մականունը յօրինած են երգչուհիի երկրպագուները, կը գրէ The Independent-ը:

51 տարեկան Լոփէզ World of Dance շոուի ժամանակ յայտարարած է, որ իր բեմական անունը իրականին մէջ յօրինած է ռեփըր Heavy D-ն, այլ ոչ թէ իրեն երկրպագուները:

Երբ երգչուհին աշխատած է իր առաջին՝ On The 6 ալպոմի վրայ, որ թողարկուած է 21 տարի առաջ, Heavy D-ն ղեկավարած է ձայնագրման աշխատանոցը: Բոլոր ձայնագրութիւններու ժամանակ ռեփըրը նշած է՝ «Ճեննի Լօ»: Մականունը այնուհետեւ վերափոխուած է եւ դարձած՝ ՃէյԼօ:

Լոփէզ ըսած է նաեւ, որ ընտանիքին մէջ ոչ ոք զինք այդպէս կը կանչէ, բացառութեամբ իր մօր:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020