ՀԱՅ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆԸ

Արցախի մէջ կը սկսի «Stop COVID 19» ծրագրի երկրորդ փուլը։ Այսպէս, Արցախի Ռազմահայրենասիրութեան, երիտասարդութեան, մարմնամարզի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ Արցախի Ներդրումային հիմնադրամի համատեղ նախաձեռնութեամբ յուլիսի 27-ին «Ստեփանակերտ սերվիս» ընկերութեան պատկանող 17 երթուղայիններու մէջ սկսած է «Stop COVID 19» ծրագրի երկրորդ փուլը:

«Նախաձեռնութեան նպատակն է կանխարգիլել հասարակական փոխադրամիջոցներու մէջ մարդոց կուտակումները, պահպանել ընկերային հեռաւորութիւնը: Ինչպէս յայտնի է, պաշտօնական մարմիններու որոշմամբ դիմակ կրելը պարտադիր է փակ տարածքներէն ներս, այսինքն՝ նաեւ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներ իրականացնող փոխադրամիջոցներու մէջ», կը յայտնեն Արցախի տեղեկատուական շտապէն:

Ծրագրին կը մասնակցին 34 կամաւոր երիտասարդներ, որոնք ժամը 06.45-20.00-ի միջեւ կ՚իրականացնեն հերթապահութիւն:

«Կամաւորները իրազեկուած են իրենց առողջութեան անվտանգութեան կանոններու մասին, աշխատանքի ընթացքին սահմանուած բոլոր կանոններուն (պարտադիր կը կրեն դիմակ եւ ձեռնոց): Ամէն առաւօտ, մինչ կամաւորական աշխատանքի անցնիլը, կը չափուի անոնց ջերմութիւնը», կը հաղորդեն Արցախի տեղեկատուական շտապէն։

Արցախի մէջ 2020 թուականի ապրիլի 12-ին յայտարարուած եւ մինչեւ յուլիսի 11-ը երկարաձգուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգուած է 32 օրով՝ 2020 թուականի յուլիսի 11-էն, մինչեւ 2020 թուականի օգոստոսի 12-ը ներառեալ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020