ՍԻՄՖՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ

Սիմֆոնիք նուագախումբը առցանց կը ներկայացէ հոլիվուտեան սիրուած գծապատկերներու մեղեդիները։ Այսպէս, Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը կը հրաւիրէ միանալու «ԴասA կալա-համերգ․ Hollywood Non-Stop» սիրուած եւ սպասուած համերգային ծրագրի առցանց ցուցադրութեան, որուն երաժշտասէրները կրնան հետեւիլ յուլիսի 30-ին՝ տեղական ժամով 20.00-ին, նուագախումբի «Ֆէյսպուքի» պաշտօնական էջին վրայ:

Համերգին կը հնչեն հոլիվուտեան ծանօթ շարժանկարներու մեղեդիները։

Նուագախումբը կը ղեկավարէ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեան։

Առցանց ցուցադրութեան յատուկ հիւրերն են «ԴասA» կրթամշակութային նախագծի մասնակիցները։ Ցուցադրութեան կրնաք հետեւիլ նաեւ «DAS A» յաւելուածի միջոցով։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2020