ԱՄՆ-Ի ԵՒ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒՆ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑԸ ՏԵՒԵՑ 2 ԺԱՄ 17 ՎԱՅՐԿԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որ տեւեց 2 ժամ 17 վայրկեան։ Սա երկու ղեկավարներու արդէն հինգերորդ հեռախօսազրոյցն էր։ Թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Փեքինի պաշտօնական աղբիւրները մանրամասնութիւններ հաղորդեցին Ճօ Պայտըն-Շի Ծինփինկ զրոյցին կապակցութեամբ։

Սպիտակ տան կողմէ հաղորդուեցաւ, որ զրոյցի ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններուն առընթեր քննարկուած են տարածաշրջանային եւ համաշխարհային բնոյթի հարցեր։ Ճօ Պայտըն նշած է, որ Թայուանի կապակցութեամբ ամերիկեան քաղաքականութիւնը կը մնայ անփոփոխ։ Հետեւաբար, ԱՄՆ խստիւ պիտի դիմադրէ այն բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան կարգավիճակի փոփոխութեան եւ կամ Թայուանի նեղուցը ապակայունացնելու։

Չինական աղբիւրները խորքային եւ անկեղծ բնորոշեցին երկու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցը։ Շի Ծինփինկ Ճօ Պայտընը զգուշացուցած է, որ Թայուանի հարցին շուրջ ամերիկեան կողմը կրակի հետ չխաղայ։

ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոզի յայտարարած է, որ կը պատրաստուի այցելելու Թայուան, ինչ որ Ուաշինկթըն-Փեքին առանցքին վրայ լարուածութեան պատճառ դարձած է։

Ամերիկացի պաշտօնատար մըն ալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն տեղեկացուցած է, որ Ճօ Պայտըն եւ Շի Ծինփինկ պաշտօնի կոչած են իրենց աշխատակազմերը՝ երես-երեսի հանդիպման մը ժամկէտը ճշդելու համար։

ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի յարաբերութիւնները չափազանց լուրջ բնոյթ մը ստացած են ներկայ միջազգային հաւասարակշռութիւններու բերումով։ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի նման համաշխարհային յառաջատար դերակատարներու շփումներու դրուածքը։ Ռուսաստան եւ Չինաստան վաղուց ունին խորքային յարաբերութիւններ եւ անոնց համագործակցութիւնը մրցակցական կարեւոր մարտահրաւէր մը կը համարուի ԱՄՆ-ի տեսակէտէն։ Ներկայիս, ԱՄՆ բաւական նրբանկատ կը գործէ, որպէսզի պատերազմական իրավիճակի մէջ Չինաստան-Ռուսաստան թանտեմը հանդուրժելի սահմաններէ անդին չխորանայ։ Անշուշտ, անանտեսելի են նաեւ տնտեսական գործօնները։

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2022