ԱՆԳԱՐԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԻՐ ԿԱՐՄԻՐ ԳԻԾԸ

Թուրքիոյ նախագահին վերջին յայտարարութիւնները սպասելի էին: Այն ինչ, որ արտաքին գործոց նախարարը կամ յատուկ ներկայացուցիչը կ՚ըսէին անուղղակի, դիւանագիտական բառապաշարներով, հիմա նախագահը կը յայտարարէ ուղղակի:

Ի՞նչ է ըսուածը: Ատրպէյճան ի սկզբանէ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններու հաստատման համար Թուրքիոյ կարմիր գիծն է, Ատրպէյճանի հետ խնդիրներու լուծումէն ետք է միայն, որ Թուրքիա կը բանայ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր սահմանը:

Այս առիթով Էրտողանի կատարած յայտարարութիւններուն մնացեալ բաժինները յանկերգներ են՝ Երեւանը պէտք է խօսքէն անցնի գործի, Թուրքիոյ մէջ կ՚ապրին հարիւր հազարաւոր հայեր եւ այլն:

Առանց ժամկէտ ճշդելու երրորդ երկրի քաղաքացիներու համար օդային տարածք բանալը, ցամաքային սահմանը օգտագործելու անժամկէտ որոշում տալը, յատուկ ներկայացուցիչին Թուրքիա-Հայաստան փակ սահման այցելելը գործընթացի շարունակութիւնը փաստելու կը ծառայեն եւ գուցէ նաեւ ծխածածկոյթ ստեղծելու, թէ յարաբերութիւններու հաստատման նախափուլին մէջ կը գտնուին կողմերը:

Հիմա աւելի պարզ է, որ բացարձակ նախապայմանային է Անգարայի մօտեցումը:

Այսպէս է տրամաբանութիւնը:

Ամէն ինչ պիտի համաձայնեցուի Պաքուի հետ: Հայաստանը Ատրպէյճանի հետ պիտի լուծէ իր խնդիրները, յետոյ միայն Թուրքիա պիտի բանայ իր սահմանը:

Նախապայմանները հետեւեալ կէտերով կարելի է բանաձեւել ուրեմն.

- Հայաստանի Հանրապետութիւն-Ատրպէյճան սահ-մանազատում եւ սահմանագծում:

- 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտի իրականացում. Անգարայի ձեւակերպումով՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ի տրամադրում:

- Երկկողմանի պայմանագրի կնքում՝ տարածքային ամբողջականութիւններու փոխճանաչման եւ ապագային եւս տարածքային պահանջներ չներկայացնելու պայմանով:

Էրտողան չէ վարանած իբրեւ «կարմիր գիծ» բնորոշելու Ատրպէյճանը՝ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու հաստատման առումով:

Այս նախապայմանը համահունչ է Պաքուի հրապարակած հինգ կէտնոց «խաղաղութեան առաջարկ»ին: Աւելի խորքային վերլուծումով հարազատ՝ Շուշիի հռչակագրին:

Հիմա վերյիշենք Էրտողանի բանբերին յայտարարութիւնը, թէ Արցախի հարցը լուծուած է Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքին կողմէ: Աւելի՛ն, բանբերը 1992-ին սահմանի փակումը կը բացատրէ հայերու կողմէ «Ղարաբաղի գրաւումով»:

Պարզ է տրամաբանութիւնը եւ այստեղ առանցքայինը Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքն է, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Շուշիի հռչակագիրով ամրագրուածը:

Նախապայմանները կը շարունակուին ուրեմն. Արցախի հարցը լուծելէ ետք պարտադրել Հայաստանի Հանրապետութեան ճանչնալու Արցախը՝ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան մէջ:

Հետեւողականութիւն կայ բնականաբար բանբերին, արտաքին գործոց նախարարին եւ նախագահին կատարած յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ:

Իր ռուս գործընկերոջ հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Չավուշօղլուն ընդգծած է, որ տարածաշրջանին մէջ մնայուն խաղաղութեան համար կարեւոր է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համընդգրկուն պայմանագրի ստորագրումը:

Այս յայտարարութիւնը համընդհանուր ձեւով լոյս կը սփռէ գործընթացին վրայ:

Յայտարարութիւնը կատարուած է Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն անմիջապէս ետք: Կ՚ակնարկուի ամբողջ տարածաշրջանին. խորքին մէջ յղում չի կատարուիր 9 նոյեմբերի հրադադարի յայտարարութեան, բայց կը խօսուի 9-րդ կէտին մասին:

Ըստ էութեան, գործընթացները կ՚արձանագրուին Անգարա-Մոսկուա մրցակցային համագործակցական յարաբերութիւններու պարունակին մէջ:

Աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններուն մէջ, որքան սաստկանայ միջազգային ընտանիքին որդեգրած ճնշամիջոցային քաղաքականութիւնը Մոսկուայի դէմ, այնքան պիտի մօտենայ ռուս-թրքական համաձայնութիւններու գործադրելիութիւնը:

Թեհրանի եռակողմ հանդիպումը «3+3» ձեւաչափի առաջին միաւորի կայացման հանգրուանն էր կամ տարածաշրջանին մէջ Արեւմուտքի դէմ պատնէշի կառուցման աղիւսաւորումը:

Այս հանգամանքները պէտք է նկատի ունենալ ընկալելու համար Անգարայէն հնչող եւ նախապայմանային տեսք ստացող առաջադրանքները՝ «կարմիր գիծ», «Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքի իրագործում», «Զանգեզուրի միջանցք», «միայն Ատրպէյճանի հետ հարցերը լուծելէ ետք» ձեւակերպումներով դրսեւորուած:

Իսկ այս բոլորէն ետք յայտարարել, թէ բանակցութիւնները կ՚ընթանան առանց նախապայմաններու, նուազագոյն ըսելաձեւով քաղաքական միամտութիւն է:

Յառաջընթաց յայտարարելը, յատուկ ներկայացուցիչին սահման այցելելը, երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն առջեւ սահմանը բանալու անժամկէտ որոշում կայացնելը որեւէ բան չեն նշանակեր:

Անգարա ճշդած է իր կարմիր գիծը եւ վերաբանաձեւած իր նախապայմանները:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2022