ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԽԱԽՏՈՒՄՆԵՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի՝ Ռուսաստանի խաղաղապահներուն կողմէ երաշխաւորուած Արցախով հանդերձ։ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի աղբիւրները երէկ օրուան տեւողութեան սահմանային բախումներուն կապակցութեամբ իրերայաջորդ յայտարարութիւններով հանդէս եկան։

Արցախի Ներքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը անկանոն կրակահերթ բացած են Թաղավարդի եւ Կարմիր Շուկայի վրայ։ Շուրջ 20 վայրկեան՝ հրաձգային տարբեր զինատեսակներով խտացեալ կրակ բացուած է, բարեբախտաբար տուժածներ չեն եղած։ Իրաւապահ մարմինները ռուսական խաղաղապահ զօրակազմին հետ ստուգումներու ձեռնարկած են այս կապակցութեամբ։

Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած հրադադարի խախտումներուն կապակցութեամբ։ Այսպէս, կրակ բացուած է համապատասխանաբար՝ Տօնաշէնի եւ Կարմիր Շուկայի, Թաղավարդի հատուածէն ներս տեղակայուած Արցախի Պաշտպանութեան բանակի մարտական դիրքերուն վրայ։ Դէպքին կապակցութեամբ տեղեկութիւն տրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան։

Ատրպէյճանի կրակոցներուն հետեւանքով վը-նասուած է Մարտունիի շրջանի Կարմիր Շուկայի բնակիչներէն մէկուն բնակարանը։

Երէկ, կէսօրուան ժամերուն Ատրպէյճանի բանակի ստորաբաժանումները Հայաստանի սահմանի արեւելեան հատուածէն ներս տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերուն վրայ ալ կրակ բացին՝ նոյնպէս տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներով։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ տուժածներ չեն եղած։ Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններով բախումները դադրած են։

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2022