ՌՈՒՍ ՄԻՋՆՈՐԴԻ ԱՅՑԸ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Խովայեւը։ Այս վերջինը, միեւնոյն ժամանակ, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչն է Հայաստան-Ատրպէյճան հարցերով։

Երեւանէն կը հաղորդուի, որ Միրզոյեան եւ Խովայեւ հանդիպման ընթացքին քննարկած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։ Միրզոյեանի կողմէ ընդգծուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան կառոյցի եւ փորձառութեան օգտագործման կարեւորութիւնը՝ անոր միջազգային լիազօրութեան համապատասխան։

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ լրջօրէն կը կաղայ Մինսքեան խմբակի գործունէութիւնը։ Ռուսաստանի եւ եռանախագահ միւս երկու երկիրներուն՝ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի միջեւ համագործակցութեան գետին մը ստեղծելը դարձած է գրեթէ անկարելի, ինչ որ հայկական դիւանագիտութեան տեսակէտէ վերածուած է լուրջ մարտահրաւէրի մը։

Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Լին Թրէյսի վերջին օրերուն յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն պատրաստակամ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին մէջ Մոսկուայի հետ աշխատանքը շարունակելու։

Ուրբաթ, Յուլիս 29, 2022