ԳԱԳԻԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Երեւանի մէջ բացուեցաւ խորհրդահայ լուսանկարիչ Գագիկ Յարութիւնեանի «Ժամանակի ստուերներ» խորագրեալ առաջին յետահայեաց ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուեցան պահպանուած սեւապատկերներու վերականգնուած տարբերակները։ Ցուցահանդէսին,  որ բացուած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան տան երդիքին տակ, ներկայացուեցաւ 183 լուսանկար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, բացման ասուլիսի ընթացքին այս մասին խօսեցաւ «Լուսադարան» հայ լուսանկարչական հիմնադրամի տնօրէն Վիգէն Գալստեան։

«Ցուցահանդէսը ժամանակագրական չէ, թեմաթիք կառուցուածք ունի։ Բաղկացած է հինգ բաժնէ, որոնք կ՚արտացոլեն արուեստագէտի հիմնական թեմաթիք հետաքրքրութիւնները. ինչպէս՝ երկիր, բնակիչներ, քաղաք, պատմութիւն եւ ժամանակ նիւթերը։ Ներկայացուած են շուրջ երեք տասնեակ կատարուած աշխատանքները։ Անոր արխիւը ուսումնասիրելով՝ ակնյայտ դարձաւ, որ անոր հետաքրքրութիւնները ոչ թէ տարիներու ընթացքին փոխուած են, այլ՝ զարգացած եւ խորացած», ըսաւ Վիգէն Գալստեան եւ աւելցուց, որ անոր դերը լուսանկարչութեան զարգացման մէջ գնահատելը դժուար է։

Ըստ Գալստեանի՝ Գագիկ Յարութիւնեանի գործունէութեան կարեւորութիւնը կը բխի այն բանէն, որ ան իր ժամանակին լուսանկարչութեան վերաբերուած է որպէս միանշանակ արուեստի։ Անոր «Գիւղական էսքիզներ», «Քաղաք», «Հին քաղաք», «Ղարաբաղ» եւ այլ շարքերը նորամուծութիւն էին։ Լուսանկարը 80-ականներուն միայն լրատուական բնոյթ կը կրէին, սակայն ան վերացուց այդ կարծրատիպերը։

«1990-ականներուն արուեստագէտը ոչնչացուցած էր իր տպածոյ լուսանկարները, որոնք նաեւ ցուցահանդէսային գործեր էին։ Օգտագործելով ժամանակակից թուանշանային փորձագիտութիւնները՝ մենք վերականգնեցինք պահպանուած սեւապատկերները Սիտնիի եւ Փարիզի մէջ։ Գործընթացը տեւած է վեց տարի։ Վերականգնուած է 200 լուսանկար, որոնցմէ 183-ը ներկայացուած են ցուցահանդէսին», ըսաւ Վիգէն Գալստեան։

Իր կարգին, «Մշակութային երկխօսութիւն» կազմակերպութեան հիմնադիր նախագահ Սօնա Յարութիւնեան ըսած է. «Նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են վեց տարի առաջուընէ, երբ առաջարկ ստացանք Վիգէն Գալստեանէն։ Սակայն ունէինք խնդիր մը՝ պէտք է արուեստագէտը համոզէինք կազմակերպել ցուցահանդէսը։ Եւ այսօր Նկարիչներու միութեան մէջ կը ներկայացնենք 183 աշխատանք»։

Բաց աստի, Գերմանիոյ Հալէ քաղաքին մէջ տպագրուած է երկլեզու՝ հայերէն եւ գերմաներէն պատկերագիրք մը, որուն մէջ տեղ գտած են Գագիկ Յարութիւնեանի 183 լուսանկարները։ 

Ցուցահանդէսի համադրողն է Վիգէն Գալստանեան, իսկ նախագծի հեղինակը՝ Սօնա Յարութիւնեան։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017