ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆՆ ՈՒ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԸ

Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունած է յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան ոսկէ մետայլներ նուաճած աշխարհի եւ Եւրոպայի եռակի ախոյեան, Ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետայլակիր, 2016 թուականի Ամառնային ողիմպիական խաղերու ոսկէ մետայլակիր Արթուր Ալեքսանեանն ու աշխարհի ախոյեան Մաքսիմ Մանուկեանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան եւ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան։

Սարգսեան շնորհաւորած է մարզիկները փայլուն արդիւնքներով հայրենիք վերադառնալու կապակցութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնած է իրենց յաղթանակով ամբողջ հայ ժողովուրդին ուրախութեան եւ հպարտութեան պահեր պարգեւելու, բարձր տրամադրութիւն հաղորդելու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը աշխարհի մէջ աւելի ճանաչելի դարձնելու համար։

Սերժ Սարգսեան կարեւորած է նաեւ այն հանգամանքը, որ յաղթանակած մարզիկները իրենց օրինակով ուղենիշ կը դառնան երեխաներու եւ այլ երիտասարդներու համար, որոնք կ՚ոգեշնչուին, կը ձգտին նմանիլ անոնց, դառնալ ա՛լ աւելի աշխատասէր եւ նպատակասլաց։

Սերժ Սարգսեան հանդիպման ժամանակ նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեանէն եւ գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեանէն տեղեկութիւններ քաղած է հանրապետութեան մէջ ըմբշամարտի զարգացման համար առաւել բարենպաստ պայմաններու ստեղծման աշխատանքներու ընթացքով եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է անհրաժեշտութեան պարագային աջակցութիւն ցուցաբերել այդ աշխատանքները ժամանակին եւ պատշաճ իրականացնելու համար։

Հանդիպման մասնակիցները շնորհակալութիւն յայտնած են Սերժ Սարգսեանին մարմնամարզի զարգացման եւ մարզիկներու նկատմամբ մշտական ուշադրութեան ու հոգածութեան համար՝ ընդգծելով, որ ան ամէն անգամ աւելի կ՚ոգեւորէ եւ կը պարտաւորեցնէ հասնիլ նոր յաջողութիւններու։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 29, 2017