ԵՄ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՈՒ

Եւրոյանձնաժողովի բանբեր Մինա Անտրէեւա յայտնեց, որ Պրիւքսել Լոնտոնէն կը պահանջէ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին BREXIT-ի շուրջ առաջարկներու ներկայացումը։ Ըստ բանբերին, այն յանձնաժողովը, որ ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու անունով կը վարէ բանակցութիւնները, BREXIT-ի յարմարագոյն թուականը կը նկատէ ամենաուշը՝ 31 հոկտեմբերը։ Ուստի, ԵՄ կոչ կ՚ուղղէ Անգլիոյ, որպէսզի ամենակարճ ժամանակի ընթացքին ներկայացնէ իր շօշափելի առաջարկները։

Վերջին օրերուն Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսըն Էլիզապէթ Բ. թագուհիին խնդրանք ներկայացուցած էր՝ BREXIT-ի նախօրեակին խորհրդարանը ամիս մը արձակուրդի ուղարկելու համար։ Վարչապետի այդ պահանջի ժամկէտը բաւական ուշագրաւ էր, որովհետեւ ընդդիմադիր Բանուորական կուսակցութիւնը կը պատրաստուէր կարգ մը նախաձեռնութիւններով կանխել՝ առանց համաձայնութեան BREXIT-ի վարկածը։ Անցեալ մարտին ալ Անգլիոյ խորհրդարանը առանց համաձայնութեան BREXIT-ի պարագան արգիլած էր ընդունելով օրէնք մը։ Արդէն այդ օրէնքին շնորհիւ BREXIT-ը յետաձգուած էր 31 հոկտեմբերի։ Այժմ Էլիզապէթ Բ. թագուհին ընթացք տուած է Պորիս Ճանսընի փափաքին՝ ժամանակաւոր ձեւով դադրեցնելով խորհրդարանի գործունէութիւնը։ Իսկ Մինա Անտրէեւա խուսափած է այս նիւթին շուրջ մեկնաբանութիւն մը կատարելէ՝ յայտնելով, որ սա Անգլիոյ ներքին գործն է։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019