ԻՏԼԻՊԻ ՀԱՄԱՐ ՋԱՆՔԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Նախագահները անդրադարձան երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքին։ Անոնք կանգ առին նաեւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններուն վրայ։ Էրտողան ուրախութիւն յայտնեց Ֆրանսայի մէջ կազմակերպուած Մեծն եօթնեակի վերջին գագաթաժողովին ժամանակ Իրանի տագնապին շուրջ առնուած քայլերուն բերումով։ Նկատի ունենալով, որ նոյնպէս երէկ Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի նորանշանակ դեսպան Տէյվիտ Մայքըլ Սեթըրֆայլտ Էրտողանին յանձնեց իր հաւատարմագիրը՝ հեռախօսազրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ այս նիւթը։ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց, որ ԱՄՆ-ի նորանշանակ դեսպանը պաշտօնի ձեռնարկած է Թուրքիոյ մէջ։

Երկու նախագահները վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ Թուրքիա-ԱՄՆ առեւտուրի ծաւալը 100 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին բարձրացնելու ուղղութեամբ։ Մասնաւորապէս Սուրիոյ հարցին շուրջ անոնք որոշեցին համագործակցիլ Իտլիպի մէջ, ուր Սուրիոյ կառավարական ուժերու յարձակումները կը շարունակուին։ Անգարա-Ուաշինկթըն համագործակցութիւնը պիտի հետապնդէ նաեւ մարդկային նոր ճգնաժամերը կանխելու նպատակը։

Թէեւ նախագահները կանոնաւոր պարբերականութեամբ շփման մէջ են իրարու հետ, սակայն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները ներկայ շրջանին կը շարունակեն դիմագրաւել բարդութիւններ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ յայտնեց, որ եթէ Թուրքիա չկարողանայ «Ֆ-35» ամերիկեան ռազմաօդանաւերը ձեռք բերել, ապա նոր որոնումներու պիտի ձեռնարկէ։ Նախագահ Էրտողանի նախընթաց օր Մոսկուա տուած այցելութիւնն ալ արդէն նման խնդիր մը օրակարգի վրայ բերած էր, երբ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին իրեն ներկայացուցած էր ռուսական ամենաարդիական կործանիչները։

Չավուշօղլու երէկ Թալինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Էսթոնիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Ռէինսալուի հետ։ Նախարարներու համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Չավուշօղլու յայտնեց, որ Ռուսաստան տարածքաշրջանէ ներս իրականութիւն մըն է եւ Թուրքիա տնտեսական լաւ յարաբերութիւններ ունի անոր հետ։ Թէեւ Սուրիոյ մէջ կառավարական զօրքերու յարձակումներուն պատճառով կը յառաջանան կարգ մը դժուարութիւններ, սակայն Աստանայի եւ Սոչիի գործընթացներուն զուգահեռ ջանքեր կը գործադրուին այդ բոլորի յաղթահարման համար։ Ըստ Չավուշօղլուի, Թուրքիա փորձեց հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ձեռք բերել ԱՄՆ-էն, սակայն չյաջողեցաւ։ Սա հրատապ կարիք մըն էր, ուստի Թուրքիա ներածեց ռուսական «Ս-400» համակարգերը։ «Մենք «Ֆ-35» ծրագրի գործընկերն ենք։ Այս օրերուն ԱՄՆ կարգ մը խնդիրներ կը յարուցէ, սակայն մենք տակաւին ինն գործընկերներով այդ ծրագրի մէկ տարրն ենք։ «Ֆ-35»երու կարգ մը կտորները կ՚արտադրուին Թուրքիոյ մէջ։ Մենք կը փափաքինք «Ֆ-35» ռազմաօդանաւեր ունենալ եւ այս նպատակով 1.4 միլիառ տոլար վճարած ենք։ Ի վերջոյ այդ ռազմաօդանաւերու կարիքը ունինք։ Եթէ չկարողանանք «Ֆ-35»եր ձեռք բերել, ապա այլընտրանքներ կը փնտռենք, սակայն այդպիսի բան մը չենք նախընտրեր», ըսաւ Չավուշօղլու։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ Ռուսաստանը այլընտրանք մը չէ Թուրքիոյ ՆԱԹՕ-ի հետ համագործակցութեան համար։ Չավուշօղլու յիշեցուց, որ Թուրքիա ոչ միայն Ռուսաստանի, այլեւ Ուքրայնոյ եւ Էսթոնիոյ նման երկիրներու հետ ալ ունի շատ լաւ յարաբերութիւններ։ Անգարա կը պաշտպանէ Ուքրայնոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, չի ճանչնար Խրիմի ապօրինի բռնակցումը՝ մինչ կարգ մը արեւմտեան երկիրներ ատեն-ատեն կը մոռնան այս հանգամանքը։

«Ըսել կ՚ուզեմ հետեւեալը. Ռուսաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները՝ Ուքրայնոյ հետ մեր յարաբերութիւններու այլընտրանքը չեն։ Ռուսաստանի եւ կամ այլ երկրի մը հետ մեր յարաբերութիւններն ալ այլընտրանք մը չեն մեր ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան, ՆԱԹՕ-է ներս մեր զօրակցութեան, Եւրոմիութեան եւ կամ ընդհանրապէս Արեւմուտքի հետ մեր յարաբերութիւններուն համար», ըսաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 29, 2019