ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ԱՊՐՈՒՄՆԵՐ

Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքի հերթական փուլը։ «Նորարար փորձառական արուեստի կեդրոն»ի (ՆՓԱԿ) երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Կոմիտաս»ի ներկայացումները, որոնք իսկապէս արտասովոր ապրումներու առիթ հանդիսացան։ Այսպէսով «Yolcu» թատերախումբի եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի համագործակցութիւնը նոր հարթութիւն մը թեւակոխեց։ «Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքը Իսթանպուլի մէջ վերջին շրջանին արդէն բացառիկ յաջողութիւն արձանագրած է եւ այդ շարքի շղթային վրայ երկու ոսկէ օղակներ եկան աւելնալ Երեւանի ոգեւոր ելոյթներով։ Ծրագրին մասնակից խումբերուն արուեստագէտները Երեւանի կեցութեան օրերուն այցելեցին նաեւ Կոմիտասի շիրիմը, ուր նկարահանուեցան Մեծ Վարդապետի արձանին շուրջ։

«Կոմիտաս»ի Երեւանի ներկայացումներու կազմակերպչական աշխատանքները կատարուած էին «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022