ՊԱՔՈՒԷՆ ՆՈՐ ՊՆԴՈՒՄՆԵՐ

Այս չորեքշաբթի Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Այս բանակցութիւններուն ընդառաջ տեղի ունեցան կարեւոր իրադարձութիւններ՝ մանաւանդ, որ Հայաստան յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Ատրպէյճանին վերադարձուց Բերձոր (Լաչին) քաղաքն ու շրջակայքը։ Շաբաթավերջին սփռուեցան բազում դրուագներ, որոնք կը ցոլացնէին, թէ Ատրպէյճանի բանակը արդէն հաստատուած է Լաչինի մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ այս կապակցութեամբ շնորհաւորեց Ալիեւը։ Բաց աստի, Պաքուէն հնչեցին շարք մը ուշագրաւ յայտարարութիւններ։ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմէն՝ Արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ Պրիւքսելի չորեքշաբթի օրուան բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ ըսաւ. «Մենք կը յուսանք, թէ այս հանդիպման ժամանակ կը համաձայնեցուի կազմակերպել աշխատանքային խումբ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի թեքստի պատրաստութեան համար»։ Ան յիշեցուց նաեւ, որ երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները վաղը Մոսկուայի մէջ կը հանդիպին՝ քննարկելու համար փոխադրութեան կապի եւ սահմանազատման հարցերը։

Հաճիեւ, որ շաբաթավերջին Շուշիի մէջ համաժողովի մը մասնակցեցաւ, այս առթիւ նշեց. «Ատրպէյճան Հայաստանի հետ յաւերժ խաղաղութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց, որովհետեւ կայ երկու ճանապարհ՝ յաւերժ խաղաղութիւն կամ յաւերժական պատերազմ»։ Բաց աստի, ան ընդգծեց Ատրպէյճանի բնակիչներու եւ Արցախի բնակիչ հայերու՝ որպէս մէկ երկրի քաղաքացիներ խաղաղ գոյակցութեան հնարաւորութիւնը։ «Հիմա սա Ատրպէյճանի ներքին խնդիրն է։ Ես պատգամ մը ունիմ բոլոր անոնց համար, որոնք կը փորձեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին դիմել որպէս միջնորդ, որպէսզի առկայ խնդիրները լուծուին։ Չկայ միջազգային խնդիր մը, որուն համար հարկաւոր է այդ խումբը եւ այդ միջնորդը», ըսաւ ան։

Հիքմէթ Հաճիեւ նաեւ կրկնեց Ալիեւի մօտեցումը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծուած է եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի գործունէութեան շարունակուիլը աննպատակայարմար է։ «Այդ խումբը չկայ այնպէս, ինչպէս չկայ այն միջազգային խնդիրը, որ միջնորդներու կարիք կրնար ունենալ», աւելցուց ան։ Բաց աստի, Հաճիեւ նշեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանները, հակառակ բազմաթիւ հրաւէրներու, ցուցադրաբար կը հրաժարին Շուշի այցելելէ։ Սա կը դիտարկուի՝ որպէս անոնց կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան չճանաչում։ Հաճիեւ մատնանշեց, որ ԱՄՆ եւ Ֆրանսա որեւէ ներդրում չեն ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ։

Պաքուէն հնչած այս յայտարարութիւններուն կապակցութեամբ Երեւանէն հաղորդուեցաւ, որ Պրիւքսելի յառաջիկայ բանակցութիւններէն վերջ պիտի հրապարակուի հաղորդագրութիւն մը։ Հայաստանի կառավարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հաճիեւի յայտարարութիւններու բովանդակութեան մէջ ակնարկուած հարցերուն շուրջ այդպիսի տեղեկութիւններ չունին։

Միւս կողմէ, Ստեփանակերտի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Բերձորէն եւ շրջակայքէն տարհանուած ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը հաստատուած է Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022