ՏՈՒՇԱՆՊԷԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ մասնակցեցաւ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Տաճիկիստանի մայրաքաղաքը՝ Տուշանպէի մէջ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 73-րդ նստաշրջանի բացման փուլին մասնակցելէ վերջ, Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքէն ուղղակի անցաւ Տուշանպէ, ուր գագաթաժողովին մասնակցելու առընթեր երկկողմանի հանդիպումներ ունեցաւ Տաճիկիստանի նախագահ Իմամ Ալի Ռահմոնի եւ Ղազախիստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւի հետ։ Փաշինեան Տուշանպէի մէջ ոտքի վրայ զրոյցներ ունեցաւ նաեւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որոնք նոյնպէս մասնակցութիւն բերին գագաթաժողովին։ Թէեւ այս զրոյցները ոտքի վրայ, անպաշտօն ձեւաչափի մէջ տեղի ունեցան, սակայն զանգուածային լրատուութեան միջոցներու կողմէ առաւելագոյն ուշադրութեան արժանացան։ Փութինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով ամփոփ լուսաբանութիւն մը տուաւ Տուշանպէի մէջ ոտքի վրայ տեղի ունեցած զրոյցին շուրջ։ Այսպէս, Փեսքով յայտնեց, որ Փաշինեան եւ Փութին չեն քննարկած ռուս ղեկավարի դէպի Հայաստան նախատեսուած այցելութեան մասին նիւթեր։ Իր խօսքով՝ երկու ղեկավարները քննարկած են այլ նիւթեր՝ գործնական, ընթացիկ։ Տուշանպէի մէջ Իլհամ Ալիեւի հետ տեղի ունեցած զրոյցին շուրջ Նիկոլ Փաշինեան նախ տեղեկացուց, որ այդ մասին մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացնէ Երեւան վերադառնալէ վերջ։ Աւելի ուշ, Հայաստանի վարչապետը Դիմատետրի էջին վրայ ուղիղ եթերի ժամանակ հրապարակումներ ըրաւ այս մասին։ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Տուշանպէի մէջ Ալիեւի հետ համաձայնած են սահմանի վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ դէպքերը կանխելու մասին։ «Այս անգամ որոշ չափով առարկայական խօսակցութիւն մը ստացուեցաւ եւ արդիւնքին մենք քանի մը կարեւոր կէտեր արձանագրեցինք։ Պայմանաւորուեցանք, որ մեր պաշտպանութեան նախարարներուն յանձնարարութիւն տանք՝ որպէսզի անոնք քայլերու ձեռնարկեն սահմանի վրայ լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ սահմանային դէպքերը կանխելու վերաբերեալ։ Կը կարծեմ, թէ սա կարեւոր պայմանաւորուածութիւն մըն է», նշեց Փաշինեան։ Միեւնոյն ժամանակ ան աւելցուց, որ այս մասին տեղեակ պահուած է նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան։ «Յանձնարարական եւ համապատասխան հրաման տուած եմ մեր զինեալ ուժերուն եւ նախորդ գիշերը, կրնամ ըսել, եղած է իմ վարչապետ ընտրուելէն ի վեր ամենախաղաղ գիշերը», աւելցուցած է Փաշինեան։

Հայաստանի վարչապետը ընդգծեց, որ խօսակցութեան ընթացքին արձանագրուած է նաեւ բանակցային գործընթացի նկատմամբ հաւատարմութիւնը։ «Մենք պայմանաւորուեցանք գործնական կապի հաղորդամիջոց ստեղծելու համար։ Թէ այդ մէկը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ թեքնիկ առումով՝ չենք համաձայնած», տեղեկացուց Նիկոլ Փաշինեան եւ աւելցուց, որ բովանդակային որեւէ քննարկում չէ կատարուած։ «Ես ուրախ եմ եւ յոյս ունիմ, թէ այդ պայմանաւորուածութիւնները կը պահպանուին, որովհետեւ անոնց պահպանումը չափազանց կարեւոր է», յայտնեց վարչապետը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմն ալ հաղորդագրութիւն մը տարածեց Տուշանպէի մէջ Փաշինեանի եւ Ալիեւի միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին շուրջ։ Այսպէս, երկու ղեկավարները յայտնած են  պատրաստակամութիւն՝ խնդրի բանակցային եղանակով լուծման եւ թէ՛ շփման գծի եւ թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի երկայնքով դէպքերու կանխման նպատակով հրադադարի դրութեան ամրապնդման իրենց յանձնառութիւնը։

Ըստ Պաքուի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան, կողմերը որոշած են մշակել համապատասխան կառոյցներու միջեւ գործնական կապի հաստատման դրութիւններ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29, 2018