ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի նախաձեռնութեամբ, երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը, որ ձօնուած էր անկախութեան 30-ամեակին։ Հանրապետական գիտաժողովի հանդիսաւոր բացման փուլին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան։ Այս գիտաժողովը, կազմակերպուած էր Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը արժեւորելու նպատակով։ Արդարեւ, իրենք որոշած են անկախութիւնը արժեւորել գիտելիքի շրջանառութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Դաւիթ Պօղոսեան հաւաքոյթի ընթացքին ըսաւ. «Անկախութեան գաղափարը կը գտնուի հայ ժողովուրդի ինքնութեան հիմքին։ Հայկ Նահապետէն եւ Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպի ժամանակներէն սկսեալ՝ մեր գոյութեան ամբողջ ընթացքին անկախութեան գաղափարը մեր ինքնութեան եւ մեր տեսակի պահպանման, արժեւորման ամենահզօր գաղափարը եղած է։ Կը կարծենք նաեւ, որ անկախութիւնը ոչ միայն պայքար է, այլեւ հնարաւորութիւն է, որպէսզի մենք զարգացնենք, ստեղծենք աւելի բարեկեցիկ հայրենիք մը, որպէսզի մեր սերունդներուն ժառանգենք այդ մէկը։ Անկախութիւնը, կը կարծեմ, գործ է»։

Եռօրեայ այս գիտաժողովի ընթացքին ներկայացուելիք զեկուցումներն ու նիւթերը յառաջիկային պիտի հրատարակուին «Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի աշխատութիւններ» խորագրին ներքեւ։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021