ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՎԵՐՍՏԻՆ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԵՆ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ անցեալ տարուայ հրադադարի համաձայնութեան գլխաւոր արդիւնքը կայունութիւնն է։ Ըստ իրեն, հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութիւնը կայունացած է Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնութիւնով։

Երէկ սարքած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ռուս նախարարը ընդգծեց, որ հաստատուած կայունութիւնը կը պահպանուի։ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբն ալ կը նպաստէ այդ կայունութեան պահպանման։ «Մենք այժմ որեւէ բռնի գործողութիւն չենք տեսներ։ Փոքր դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են սկզբնական փուլին, արագօրէն վերացուած են։ Անգամ մը եւս կ՚ընդգծեմ՝ այնտեղ իրադրութիւնը կայուն է, թէեւ խնդիրները քիչ չեն», նշեց Լաւրով։

«ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» գործակալութեան հաղորդումներով, Լաւրով ընդգծեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները Նիւ Եորքի մէջ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ համաձայնութեան հասած են, որպէսզի իրենց աշխատանքային այցելութիւնները սկսին դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Ըստ Լաւրովի, հանդիպումներ ծրագրուած են նաեւ Ստեփանակերտի մէջ։

Հակառակ հրադադարի վերաբերեալ Լաւրովի լաւատես յայտարարութիւններուն, երէկ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ բախումները շարունակուեցան։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ արձակուած կրակոցին հետեւանքով հայկական զօրքերէն ժամկէտային զինուոր մը վիրաւորուեցաւ։

Մինչ այդ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «France 24» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ առարկութիւն չ՚ունենար հանդիպելու համար Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու միջնորդութեամբ։

Միւս կողմէ, Երեւանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Լին Թրէյսին ալ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Սուրէն Պապիկեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրավիճակը եւ կարեւորուեցաւ Ուաշինկթընի դերակատարութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակներէն ներս։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021