ՀՐԱԺԵՇՏ՝ ՆՈՒԻՐԵԱԼԻՆ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ դիւանագէտ, թարգմանիչ ու խմբագիր Համլէթ Գասպարեանի հրաժեշտի արարողութիւնը։ Նորոգ հանգուցեալ Գասպարեան վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականի պաշտօնը կը վարէր։ Կոնդ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Համլէթ Գասպարեանի յուղարկաւորութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան հարազատները, ընկերները, գործընկերները եւ պաշտօնատար անձեր։

Իրեն նկատմամբ վերջին յարգանքը մատուցելու ժամանակ յուղարկաւորները համամիտ էին, թէ հանգուցեալը բարեկիրթ մարդ մըն էր, հրաշալի խմբագիր ու թարգմանիչ, նաեւ արհեստավարժ դիւանագէտ մը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021