ՂԱՐԻՊԱՇՎԻԼԻ ԱՅՍՕՐ ՊԱՔՈՒ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի այսօր միօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ Պաքուի մէջ նախատեսուած է Վրաստան-Ատրպէյճան միջկառավարական յանձնաժողովի հերթական նիստը, որ տեղի կ՚ունենայ Ալիեւի եւ Ղարիպաշվիլիի գլխաւորութեամբ։ Ղարիպաշվիլի կեցութեան ընթացքին Ալիեւի առընթեր կը տեսակցի նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ։

Իրակլի Ղարիպաշվիլիի Պաքու այցելութիւնը կը համընկնի վրացական կողմի բարձրաձայնած առաջարկներուն հետ՝ յետպատերազմեան շրջանին միջնորդ դառնալու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանն ալ միջոց մը առաջ յայտնած էր, որ Ղարիպաշվիլիի միջոցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպման խնդրանք փոխանցած է իրեն։

Հարաւային Կովկասի յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ Վրաստանի դիրքը հետաքրքրական է։ Թիֆլիզ միջոց մը առաջ Ուաշինկթընի հետ համագործակցելով յաջող միջնորդութիւն մը իրականացուցած էր Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ՝ գերիներու ազատումով եւ ականապատուած տարածքներու քարտէսներու յանձնումով։ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ հետ համագործակցութեամբ տարածքաշրջանային դերակատարութեան բարձրացումը Վրաստանը յարաբերաբար աւելի պաշտպանուած ու աւելի ինքնավստահ կը դարձնէ Ռուսաստանի դէմ, որու հետ լուրջ տարակարծութիւններ ունի իր տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ մարտահրաւէրներու բերումով։ Թէ՛ Թուրքիա եւ թէ ԱՄՆ երկար ժամանակէ ի վեր յամառօրէն կը պաշտպանեն Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, որ խախտուած է Ռուսաստանի կողմէ։ Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիա Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութեան խնդիրն ալ կը բարձրաձայնէ վերջին շրջանին. դարձեալ երկիր մը, որմէ Խրիմը խլած է Ռուսաստան։ Այս բոլորով հանդերձ, Անգարա Հարաւային Կովկասի պարագային վեցերու հարթակ մը ձեւաւորելու առաջարկն ալ յամառօրէն օրակարգի վրայ կը պահէ։ Թուրքիոյ առընթեր այդ հարթակին վրայ տեղ նախատեսուած է Վրաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Իրանի համար։ Այսինքն, անմիջական հարեւաններու տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ զգայնութիւնով հանդերձ, Թուրքիա այդ հարթակը կը պատկերացնէ թէ՛ Ռուսաստանով եւ թէ Վրաստանով։ Անանտեսելի հանգամանքներէն մին ալ այն է, որ Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած հարթակի ձեւաւորման առաջարկին կողմնակից է նաեւ Վրաստան՝ հակառակ Ռուսաստանի հետ առկայ բոլոր խնդիրներուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021