ՆՈՐ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր միօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Սոչիի մէջ ան կը հիւրընկալուի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկումներու ժամանակ օրակարգի վրայ կու գան Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններու ընթացքը, ինչպէս նաեւ առաջնահերթօրէն կը շօշափուին Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները։ Պեշթեփէէն տեղեկացուեցաւ, որ երկու նախարարները կ՚անդրադառնան տարածքաշրջանային արդի իրադարձութիւններու, ինչպէս նաեւ միջազգային օրակարգի խնդիրներու։

Քրեմլինի աղբիւրներն ալ տեղեկութիւններ փոխանցեցին Էրտողան-Փութին բանակցութիւններու օրակարգին շուրջ։ Այսպէս, երկու ղեկավարները կը քննարկեն Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակը։ Մոսկուայի աղբիւրներն ալ բանակցութիւններու հիմնական նիւթերու շարքին առանձնացուցին Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Աֆղանիստանի իրադարձութիւնները։ Ըստ ռուսական դիւանագիտական աղբիւրներուն, Էրտողան եւ Փութին կարծիքի հանգամանալի փոխանակումներ կ՚ունենան միջազգային հրատապ հարցերուն շուրջ, նաեւ կը ծանրանան Անդրկովկասի իրավիճակին վրայ։

Էրտողան Սոչի մեկնելէ առաջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցին առթիւ խօսեցան երկու երկիրներու ղեկավարները։ Էրտողան Սոչի մեկնելէ առաջ Ալիեւի հետ այսպէսով վերջնական քննարկում մը ծաւալած եղաւ։ Բաց աստի, կարեւոր ուղեւորութեան ընդառաջ հաղորդուեցաւ, որ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ նոր համաձայնագիր մը ստորագրուած է՝ բնական կազի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ։

Թուրքիա եւ Ռուսաստան այս շրջանին իրարու հետ կը սակարկեն այն երրորդ դերակատարներուն միջոցաւ, որոնց վրայ անմիջական ազդեցութիւն ունին։ Այս առումով յատկանշական օրինակ մըն էր Ալիեւի ելոյթը՝ Էրտողանի Սոչի ուղեւորութեան ընդառաջ։ Ան պնդեց, որ Հայաստան տարածքային պահանջներ ունի Թուրքիայէն եւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար փոփոխութեան ենթարկէ իր Սահմանադրութիւնը։ Այս խօսքերը հնչեցին այն համայնապատկերին վրայ, ուր ռուսական կողմը վերջերս խրախուսական արտայայտութիւններ ունեցած է Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ։ Բարիկամեցողութեան պատգամներու փոխանակումէն անմիջապէս վերջ, թրքական կողմը յայտարարութիւններ ըրած էր Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ «Զանգեզուրի միջանցքի» ձեւաւորման մասին։ Սա արդէն այնպէս կ՚ընկալուի, որ Անգարա գործնականօրէն նոր նախապայման մը կը դնէ Երեւանի առջեւ։ Ռուսական կողմը տեղեկացուց, որ յետպատերազմեան շրջանին տարածքաշրջանէ ներս ընդհանրապէս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի, սակայն, յստակ միջանցքի մը մասին խօսք չկայ։ Յամենայնդէպս, այս նոյն շրջանին հետզհետէ աւելի կը բարձրաձայնուի, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութեան ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ։ Սա ամենաէական հանգամանքն է ռուսական կողմին տեսակէտէ եւ այդ նպատակին հասնելու համար չի բացառուիր ամէն տեսակ զիջում։

Թուրք-ռուսական օրակարգի ամենաճակատագրական գլուխներէն մին է նաեւ Սուրիան։ Այդ երկրի իրադարձութիւնները կ՚ընթանան դէպի հետզհետէ աւելի վճռորոշ փուլ, ինչ որ Անգարայի զգայնութիւններն ալ կը բազմապատկէ։ Թրքական կողմը ռուսական կողմէն բազմաթիւ ակնկալութիւններ ունի, մանաւանդ, որ Դամասկոսի ղեկավարութեան հետ շփումները գրեթէ զերոյական մակարդակի վրայ են։ Էրտողանի Սոչի այցելութեան ընդառաջ Սուրիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքտատ հանդէս եկաւ բաւական արմատական յայտարարութիւններով։ Ան ըսաւ, որ Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ կը կեղեքեն իր երկրի բնական պաշարները եւ անոնց զօրքերը պէտք է դուրս գան Սուրիոյ տարածքէն առանց նախապայմանի։ Միջոց մը առաջ ռուսական կողմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ ալ յայտնած էին, որ ներկայիս Սուրիոյ տեսակէտէ մեծագոյն հարցերէն մին է երկրի տարածքէն ներս օտարերկրեայ զօրքերու ներկայութիւնը։

Այսպէսով Էրտողան-Փութին այս օրուան ժամադրութիւնը արտասովոր նշանակութիւն կը ստանայ՝ միջազգային օրակարգի բազում հրատապ հարցերուն նոր ուղղութիւն մը տալու առումով։

ՆՈՐ ԳԱԳԱԹ

Միւս կողմէ, Էրտողանի Սոչի ուղեւորութենէն օր մը առաջ Անգարայի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ հոկտեմբերի վերջաւորութեան ան Հռոմի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ Տակաւին քանի մը օր առաջ Էրտողան Նիւ Եորք մեկնած էր՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն։ Այդ օրերուն Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ հաւանական հանդիպման մասին սպասումը չէր արդարացած։ Վերադարձի ճանապարհին Էրտողան դրուատած էր Վլատիմիր Փութինի՝ պետական գործիչի որակները ու նշած էր, թէ Պայտընի հետ իրենց համատեղ աշխատանքը լաւ չէր սկսած։ Այդ քննադատական ու դժգոհութեան ակնարկութիւններէն կարճ օրեր անց արդէն յայտնի դարձած էր, որ Էրտողան-Պայտըն հանդիպման համար արդէն թուական ճշդուած է։ Յառաջիկայ ամսուայ վերջաւորութեան անոնք Հռոմի մէջ պիտի մասնակցին Մեծն քսանեակի (G20) գագաթաժողովին։ 30-31 հոկտեմբերին նախատեսուած այդ գագաթաժողովի շրջանակին մէջ տեղի պիտի ունենայ նաեւ Էրտողան-Պայտըն տեսակցութիւնը։

Նախագահ Էրտողան Նիւ Եորքէ վերադառնալու ժամանակ ունեցած ելոյթով յաջողած էր միջազգային ուշադրութիւնը լարել Փութինի հետ այսօր նախատեսուած տեսակցութեան վրայ։ Իսկ արդէն իր Սոչի մեկնելէն օր մը առաջ Անգարա տեղեկացուց Էրտողան-Պայտըն ժամադրութեան մասին, որ նախատեսուած է շուրջ ամիս մը անց։ Թրքական դիւանագիտութիւնը այս շրջանին կը յաջողի իր նախաձեռնութիւններով պայմանաւորել միջազգային օրակարգը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2021